Լեմգինի ուսումնարանը ԼՂ-ի մէջ ցեղասպանութեան մեղսակցութեան մէջ աշխարհի առաջնորդները մեղադրած է

Լեմգինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուսումնարանը մոլորութիւն անուանած է ԱՄՆ-ի այն համոզմունքը, թէ ազրպէյճանի նախագահի վարչակազմը կրնայ բարեխիղճ բանակցութիւններ վարել։ Ուսումնարանը նաեւ աշխարհի առաջնորդները մեղադրած է ԼՂ-ի մէջ ցեղասպանութեան մեղսակցութեան մէջ։

«Ցոյց տալով, որ ոչինչ սորված է Արցախի հայերուն վերաբերեալ ազրպէյճանի կողմէ ներկայիս իրականացուող ցեղասպանութենէն՝ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ օժանդակել յանցագործը իր անխոհեմ, կեղծ հաւասարակշռութեամբ եւ մոլորութիւն հանդիսացող իր համոզմունքով, որ ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւի ցեղասպան վարչակարգը կրնայ մասնակցիլ բարեխիղճ քննարկումներու կամ բանակցութիւններու»,- գրուած է ուսումնարանի X հասարակական ցանցի էջին մէջ:

Լեմգինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուսումնարանը կը յիշեցնէ ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մէթիւ Միլլըրի կողմէ վերջին օրերուն եղած յայտարարութիւնը, որ կողմերը ունին տարաձայնութիւններ եւ պէտք է համաձայնին խօսելու իրարու հետ ու իրավիճակի հանգուցալուծման հասնելու։

Ըստ ուսումնարանի յայտարարութեան. «Ցեղասպանութիւնը «պարզապէս տարաձայնութիւններ ունենալու» խնդիր չէ»։

«Աւելին, ենթադրել, որ ԱՄՆ-ն որեւէ դեր չէ խաղցած՝ նպաստելով ալիեւի անպատժելիութեան ցեղասպանութիւն իրականացնելու գործին մէջ, լաւագոյն պարագային սուտ է: Լեմգինի ուսումնարանը կը նախազգուշացնէ համաշխարհային առաջնորդները, որ անոնք կը վարուին այնպէս, որ հնարաւոր կը դառնան անոնց հանդէպ ոչ միայն ցեղասպանութեան մեղսակցութեան մեղադրանքները, այլեւ յանցագործութեան օժանդակելու եւ դրդելու մեղադրանքները»,- նշուած է գրառման մէջ։

http://yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2023
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ