Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած բժիշկ Երուանդ Արաբեան (Արապեան)

Համադրեց` բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ,

Ծնած է 1874-ին, Կոստանդնուպոլիս: Զաւակն է իրաւաբան Անդրանիկ Արապեանին. 1897-ին աւարտած է ծննդավայրին Հարպիէ թաղամասի զինուորական բժշկական վարժարանը:

1897-1907 հարիւրապետի աստիճանով ղրկուած է Պաղտատ, ապա Պասրա, եւ տասը տարի իբրեւ զինուորական բժիշկ ծառայած է օսմանեան զանազան զօրամիաւորումներուն մէջ:

1903-ին, 14 ամիս շարունակ պայքարած է Մուսուլէն մինչեւ Տիգրանակերտի շրջաններուն մէջ տարածուած քոլերային դէմ:

1906-ին Մուսուլի մէջ ծառայած է իբրեւ գլխաւոր բժիշկ, ուր ծայր առած էր յեղափոխութիւն: 1907-ին նշանակուած է Մուսուլի զինուորական հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկ եւ քաղաքապետարանի բժիշկ:

Մուսուլ գտնուած միջոցին գիտական-բժշկական ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած է` հիմնուելով հիւանդի մը ունեցած «Գերոսկրուց» (Hyperostosis) արտառոց հիւանդութեան մասին: Ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած է թրքերէնով եւ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է տեղւոյն բժշկական մարմիններուն մօտ:

Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս եւ ծառայած է զինուորական ուսումնարաններու մէջ:

1912-13 հազարապետի աստիճանով մասնակցած է պալքանեան պատերազմին` իբրեւ գլխաւոր բժիշկ: Հոն վիրաւորուած է եւ վերադարձած` Պոլիս:

1914-18 մասնակցած է Ա. Աշխարհամարտին: Պարսկական ռազմաճակատին վրայ,  դժուարին պայմաններու մէջ յաջողած է մեծ թիւով վիրաւորներ փրկել:

1919-ին  փոխադրուած է Պոլիս եւ ծառայած է Չամլըճայի զինուորական առողջարանին մէջ:

Երկար տարիներ ծառայած է Օսմանեան կայսրութեան տարբեր քաղաքացիական ու զինուորական հիւանդանոցներու մէջ  եւ մասնաւորապէս` Արաբական թերակղզիի զինուորական միաւորներուն եւ հիւանդանոցներուն մէջ, ուր յաջողած է պայքարիլ տարափոխիկ հիւանդութիւններու դէմ` բուժելով հիւանդ, վիրաւոր զինուորներ եւ սպաներ:

Ունեցած է հանրային եւ  գրական գործունէութիւն: Հեղինակ է յուշագրութիւններու եւ պատմուածքներու:

1909-1911 եղած է Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան անդամ:

Պարգեւատրուած է բազմաթիւ պատուանշաններով: Օսմանեան բանակին իր ծառայութիւններուն համար արժանացած է փոխգնդապետի կոչման եւ քանի մը շքանշաններու: Ունեցած է հազարապետի աստիճան եւ պէյի տիտղոս:

Ամուսնացած է գրագիտուհի տիկին Արմէնուհիին հետ: Անոնք բախտաւորուած են քանի մը զաւակներով:

Բժիշկ  Երուանդ Արաբեան մահացած է 1946-ին, Պոլիս:

Մոնրէալ, 19 Ապրիլ 2023

Աղբիւրներ`

1.- Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Արաբեան Երուանդ զինուորական բժիշկ, Հայազգի բժիշկ-գործիչներ», Երեւան, 2020:

2.- Թէոդիկ, «Տարօրինակ ոտք մը», «Ամէնուն տարեցոյց»-ը, Պոլիս, 1911, էջ 327:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ