
Արցախի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ 19 Սեպտեմբերին շղթայազերծուած գործողութենէն անմիջապէս ետք, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը լիբանանեան լրատուամիջոցներու յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը․
«Ազրպէյճան դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր իր կիրարկած Արցախի շրջափակումէն ետք, անցած է Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղ) ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելու քաղաքականութեան 2-րդ փուլին։ ազրպէյճանական բռնապետութիւնը, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Բերձորի միջանցքով եւ Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբով մարդասիրական օգնութեան մատակարարումէն մէկ օր ետք, Արցախի ժողովրդավարական պետութեան դէմ կեղծ մեղադրանքներ հնչեցնելով, ձեռնարկած է զինուորական գործողութեան՝ խախտելով 9 Նոյեմբեր 2020-ին հաստատուած զինադադարը։ պաքու այսպիսով անգամ մը եւս յաչս աշխարհին ցոյց կու տայ իր անվստահելիութիւնն ու ոճրային նպատակները»։
Yerakouyn.com
Leave a Reply