Արցախ` հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդ. Շուշիի հայկական տպարանները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախ հինէն ի վեր հոգեւոր կեանքի, մշակոյթի, կրթութեան եւ լուսաւորութեան կեդրոն եղած է, եւ արցախցիք հրատարակչական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած են:

Արցախի մէջ հրատարակչութեան եւ պարբերական մամուլի զարգացումը պայմանաւորուած էր Շուշիի արդիւնաբերական, արհեստագործական եւ առեւտրական կեդրոն ըլլալու հանգամանքով: Տնտեսական զարգացումը նպաստեց մշակութային զարթօնքին:

Շուշի հայ տպագրութեան կարեւորագոյն օճախ դարձաւ:

Հայ գիրքի տպագրութիւնը սկիզբ առած է հայրենիքէն հեռուՎենետիկի մէջ, 1512-ին եւ այնուհետեւ տարածուած է դէպի Մատրաս, Կալկաթա, Վիեննա, Պոլիս, Զմիւռնիա եւ Թիֆլիս: Հայրենի հողի վրայ առաջին տպարանը բացուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 1771-ին, երկրորդը Շուշիի մէջ, 1827-ին:

Գրահրատարակչութիւնը շուշեցիներուն համար դարձաւ պատիւի, հեղինակութեան եւ հայրենասիրութեան չափանիշ:


Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքի Աւետարանական քարոզչական ընկերութիւնը քարոզիչներ Աուկուսթ Տիթրիխի եւ Ֆելիցիան Զարեմպայի ջանքերով Շուշիի մէջ 1827-ին տպարան բացաւ:

Ընկերութիւնը կրօնական քարոզչական նպատակներ կը հետապնդէր, եւ իր լուսաւորական ու բարեգործական գործունէութեամբ նպաստեց Արցախի մէջ կրթութեան զարգացման եւ տպագրութեան սկզբնաւորման:

Ընկերութեան հիմնած տպարանէն առաջին գիրքը` «Պատմութիւն Սուրբ Գրոց» խորագիրով, լոյս տեսաւ 1828-ին:

Քարոզիչները տպագրեցին բարոյական, խրատական եւ կրօնական բովանդակութեամբ գիրքերհայերէն եւ պարսկերէն լեզուներով եւ մայրենի լեզուի ուսուցման ձեռնարկներ մատչելի աշխարհաբար հայերէնով:

Տպագրուող գիրքերը գրաքննութեան կ՛ենթարկուէին Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի եւ Էջմիածնի սինոտին կողմէ:

Քարոզիչները քանի մը տարուան ընթացքին քսաներկու անուն գիրք հրատարակեցին:

Քարոզիչներու գործունէութիւնը պատճառ դարձաւ դաւանափոխութեան տարածման. բան մը, որ բացասական տպաւորութիւն ձգեց:

Հայ հոգեւորականութեան դիմադրութեան պատճառով տպարանի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ քարոզիչներու գործունէութիւնը ռուսական կառավարութեան հրամանով 1837-ին դադրեցուեցաւ:


Արցախի մետրոպոլիտ Բաղդասար արքեպիսկոպոս Հասան Ջալալեան իր միջոցներով Պազէլի քարոզիչներէն գնեց տպարանը եւ զայն վերանուանեց Հայոց հոգեւոր տեսչութեան տպարան:

Բաղդասար մետրոպոլիտի տպագրած առաջին գիրքը, 1837-ին, եղաւ Ճորճ Պայրընի «Շիլոնեան կալանաւորը», որ անգլիացի անուանի բանաստեղծի բանաստեղծութեան հայերէն առաջին հրատարակութիւնն է: Գիրքի տիտղոսաթերթին վրայ արձանագրուած է. «Վիճակաւոր առաջնորդին Ղարաբաղու բարձր սրբազան մետրոպոլիտի Բաղդասարայ»:

Բաղդասար մետրոպոլիտի խնդրանքով մոսկուաբնակ Յովհաննէս Յովնանեան մամուլ եւ հայերէն տառեր նուիրեց տպարանին:

Բաղդասար մետրոպոլիտ գիրքերը իր միջոցներով կը հրատարակէր: Հայրենասէր հոգեւորականի ջանքերուն շնորհիւ տպագրութեան գործը արհեստագիտական բարձր հիմերու վրայ դրուեցաւ:

Տպարանէն հրատարակուած գիրքերուն մէջէն պատմական մեծ արժէք կը ներկայացնէ յատկապէս Եսայի կաթողիկոս Հասան Ջալալեանի «Պատմութիւն կամ յիշատակ ինչ-ինչ անցից` դիպելոց յաշխարհին Աղուանից» երկասիրութիւնը:

Բաղդասար մետրոպոլիտ 1853 ապրիլին տպարանը Արցախի թեմի վիճակային ատեանին` կոնսիստորիային կտակեց:

Բաղդասար մետրոպոլիտի վախճանումէն ետք, 1854-ին, տպարանը Արցախի նոր առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Վեհապետեանի տնօրինութեան յանձնուեցաւ:

Գէորգ եպիսկոպոս Յովհաննէս Յովնանեանի աջակցութեամբ բարեկարգեց տպարանը եւ զայն վերանուանեց Տպարան Սրբոյ Էջմիածնի: Տպարանը դարձաւ Սուրբ Էջմիածնի սինոտին սեփականութիւնը:

Այնուհետեւ տպարանէն հրատարակուեցան կրօնական եւ քերականական բովանդակութեամբ գիրքեր:

Տպարանը 1863-էն սկսեալ վարձքով աշխատցուցին տպագրիչ Մինաս Տարղլիճեանց, ապա` Խաչատուր քահանայ Ղալաբէկեան, Աւետիս Թառումեան եւ Բաբաջան Գրիգորեան:

Հոգեւոր դպրոցի տեսուչ Խորէն վարդապետ Ստեփանեան 1873-ին վերանորոգեց կիսակենդան դարձած տպարանը եւ 1874-ին վերսկսաւ «Հայկական աշխարհ» ամսագիրի հրատարակութեան:

Լէօ (Առաքել Բաբախանեան) իր գրական եւ հրատարակչական գործունէութիւնը սկսաւ այս տպարանէն` իբրեւ սրբագրիչ: Անոր բազմաթիւ գիրքերը հոն տպագրուեցան: Գիրքերու հրատարակութեան հովանաւորներ եղան Սմբատ Դադեան, Աւետիք Պապեանց եւ Յովսէփ Տէր Մինասեան:

Տպարանէն լոյս տեսան կրթական, գրական, կրօնական, քերականական, ուսուցողական գիրքեր, թարգմանութիւններ, Կովկասի հայոց բարեգործական ընկերութեան Շուշիի գրադարանի գրացուցակներ, Կոստանդին Մելիք Շահնազարեանի (Տմբլաչի Խաչան) գիրքերը եւ հայագէտ Մանուկ Աբեղեանի առաջին աշխատութիւնը:

Տպարանը գործեց մինչեւ 1902 եւ այնուհետեւ փակուեցաւ:


Մինաս Տարղլիճեանց, որ 1851-ին Շամախիի մէջ տպարան հիմնած էր, 1854-ին տպարան բացաւ Շուշիի մէջ:

Տարղլիճեանցի տպարանէն լոյս տեսան երկու գիրքեր` Ժամագիրք Հայաստանեայց Սուրբ եկեղեցւոյ եւ Նորահիւս էֆէնտի:

Տպարանը գործեց մէկ տարի եւ փակուեցաւ:

Յովհաննէս Յովնանեանց 1870-ին Շուշիի մէջ տպարան բացաւ եւ հրատարակեց միայն մէկ գիրք` Աւետարան տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի: Տպարանը նոյն տարին իսկ փակուեցաւ:


Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանց Շուշիի հայ բողոքականներու առաջնորդն էր եւ տարբեր մեղադրանքներով դատարանի վճիռով մէկուկէս տարի Պաքու աքսորուած էր: Պաքուէն վերադառնալէ ետք, 1879-ին, ան Շուշիի իր տան մէջ գործող ժողովարանին կից իր որդի Աւագի աջակցութեամբ տպարան, վիմագրատուն ու գրավաճառանոց (գրատուն) հիմնեց: Աւագ Պաքուի մէջ հմտացած էր տպագրական գործին մէջ:

Տպարանին առաջին աշխատակիցները եղան Միրզաջանի զաւակները: Տպարանը արագ բարգաւաճեցաւ եւ ձեռք ձգեց ինչպէս հայկական, այնպէս ալ ռուսական եւ թրքական (արաբական) տառատեսակներ: Տպարանին գրաշարն էր Առաքել Մահտեսի Յակոբեանց, սրբագրիչըԱռաքել Բաբախանեան Լէօ:

Տպարանէն լոյս տեսած առաջին գիրքը եղաւ «Պատմութիւն մտաւոր զարգացման Եւրոպիոյ» հատորը` 1879-ին, 430 էջ, Սուրբ Էջմիածնի միաբան Արիստակէս վարդապետ Սեդրակեանի թարգմանութեամբ: Հատորին մէջ կան տառասխալներ եւ տպագրական վրիպակներ, որոնք հետեւանք են տպարանատէրի անբարեխիղճ մօտեցման. աւելին, տպարանը որոշ տառեր չունէր, ինչպէս «փ» տառը:

Տպարանը ժամանակի ընթացքին ձեռք ձգեց հայերէն երկու եւ ռուսերէն ու լատիներէն մէկական տառատեսակներ:

Տիգրան Նազարեան, որ 1879-ին Շուշիի մէջ հրատարակչական գրասենեակ հիմնած էր, Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի հետ համագործակցելով 1881¬ին անոր տպարանէն հրատարակեց Մենկեւիչի «Պոզնանի ուսուցչի օրագրից» պատմուածքը եւ այնուհետեւքանի մը գիրքեր, նախատեսուած երեխաներու, ծնողներու, դաստիարակներու եւ ժողովրդային զանգուածներու համար:

Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի հետ համագործակցելով, հրատարակիչ Աբէլ Ապրէսեան 1881¬ին անոր տպարանէն լոյս ընծայեց Րաֆֆիի «Խենթը»:

«Խենթ»¬ի տպագրութեան մասին Րաֆֆի յիշատակած է ագուլեցի Մելքոն Փանեանի ուղղուած նամակին մէջ. «Շուշիից Խենթի առաջին թերթերը ուղարկել էին ինձ տեսնելու համար. թուղթը բաւական լաւն է եւ տպագրութիւնը մաքուր. երեւում է, որ այնտեղի տպարանը փոքրիշատէ կանոնաւորուած է»:

Մահտեսի Յակոբեանցներու տպարանէն լոյս տեսան բազմաթիւ արժէքաւոր աշխատութիւններ: 1889-ին տպագրուեցաւ Մանուկ Աբեղեանի գրի առած «Դաւիթ եւ Մհեր, ժողովրդական դիւցազնական վէպ»-ը, իսկ 1891-ինԱւետիս Բահաթրեանի «Հին հայոց տաղաչափական արուեստը. քննական տեսութիւն»-ը, որուն գնահատականը տուած է Եղիշէ Չարենց. «սա է գիրք հանճարեղ եւ զարմանալի գրուած լինելով 90-ական թուականներին մի ինչ որ անյայտ շուշեցի ուսուցչի ձեռքով»:

«Տոկոսաբեր աղիւսակ. 10¬ի (թումանի) վերայ» գիրքը հրատարակուեցաւ 1891-ին: Գիրքի կազմին վրայ գրուած է«Հրատարակիչ Աւագ Մահտեսի Յակոբեանց» եւ «Տպարան Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի», իսկ անուանաթերթին վրայ նշուած է` «Հրատարակիչ տպարանատէր Ա. Մ. Մահտեսի Յակոբեանց»: Ասիկա կը նշանակէ, որ Միրզաջանի որդի Աւագ միաժամանակ տպարանատէր է, իսկ տպարանը կը շարունակէ կրել հօր անունը:

Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանց մահացաւ 1895 մարտին: Այնուհետեւ տպարանէն տպագրուած գիրքերու անուանաթերթերուն վրայ արձանագրուած է` «Տպարան Աւագ Մ. Մահտեսի Յակոբեանցի»:

Մահտեսի Յակոբեանցներու տպարանէն 1896-ին լոյս տեսաւ Երուանդ Լալայեանի խմբագրած «Ազգագրական հանդէս»-ի առաջին համարը:

Տպարանի գործունէութեան մէջ ուրոյն տեղ ունին դասագրքային հրատարակութիւնները, որոնցմէ այբբենարանները տպագրուած են քանի մը անգամ:

Մահտեսի Յակոբեանցներու տպարանը իր գոյութեան 26 տարիներու ընթացքին հրատարակեց 54 գիրք եւ մէկ հանդէս եւ 1905-ի հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ հրդեհուեցաւ Թաթար Խաժամուժին կողմէ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2023
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ