Վանի կուսակալին այց

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 9 սեպտեմբեր 2023, շաբաթ, ժամը 12.00-ին Նահանգապետարանի մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի Կուսակալ՝ Օզան Պալճըին։

Մեծայարգ Կուսակալը բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան եւ կարողութիւն՝ կիրակնօրեայ պարտականութեան համար։ Ան, ուրախութիւնը յայտնեց, որ այս տարի անգամ մը եւս առիթը կը ներկայանայ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ մէկտեղուելու Վանի մէջ։

Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ որ սոյն ուխտագնացութեան առիթով պարտականութիւն համարած է յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն տալ։ Նորին Ամենապատուութիւնը սիրելիր զրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց թէ ընծայուած ընդունելութեան, եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։

Կատարուեցաւ նուէրներու փոխանակում, որմէ ետք մեր Հոգեւոր Պետը հրաժեշտ առաւ Կուսակալէն։

https://www.facebook.com/TRHayBad

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2023
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ