Մեծարենցեան երեկոներ – Այնճար. Սուրբ Ներսէս Շնորհալի (1102 – 1173) Ս. Ներսէս Դ. Կլայեցի կաթողիկոս (1166-1173)

Զ. Գ. Ղ.

Այնճարի ամառնային «Մեծարենցեան երեկոյ»-ներու Գ. ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 27 օգոստոս 2023-ին: Անիկա նուիրուած էր Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակին: Շնորհալին մահացած է 1173 թուականին:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Այնճարի «Հիւղը» բնակարանին բակին մէջ` մշակութասէր հասարակութեան ներկայութեամբ:

Ներսէս Շնորհալիի կեանքն ու գործը ունկնդիրներուն ներկայացուց Այնճարի հայ կաթողիկէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հովուապետ Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան:

Հետաքրքրական է նշել, որ տասը տարիներ առաջ «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ «Մեծարենցեան երեկոյ»-ներու անդրանիկ ձեռնարկը տեղի ունեցած է 1 սեպտեմբեր 2013 թուականին, որ նուիրուած էր Միսաք  Մեծարենցին, բանախօս` Յառաջ վարժարանի հանգուցեալ նախկին տնօրէն Մովսէս Այնթապլեան: Իսկ երկրորդ ձեռնարկը նուիրուած էր Դանիէլ Վարուժանին, 29 սեպտեմբեր 2013-ին, բանախօսութեամբ Մեսրոպ վարդապետի: Ան այս տան բակին մէջ ունեցած է նորէն ելոյթ մը 17 յունիս 2017-ին` նուիրուած Գրիգոր Նարեկացիին:

Հայր Մեսրոպ 70-է աւելի տպուած երկեր ունի Հայ եկեղեցւոյ եւ անոր ծառայողներու մասին:

Նախաձեռնութեան սկիզբը Նաթալի Քենտիրճեան հատուածներ կարդաց Ներսէս Շնորհալիի «Առաւօտ լուսոյ» եւ «Հաւատով խոստովանիմ» գրքոյկներէն:

Հայր Մեսրոպ իր խօսքը սկսաւ` յայտնելով, որ Ներսէս Շնորհալիին համար ամբողջ հայաշխարհը, հայրենիքն ու սփիւռքը, եկեղեցին եւ պետութիւնը արդէն տօնակատարութիւններու ձեռնարկած են, եւ յոբելենական հանդիսութիւնները կը շարունակուին տարբեր մակարդակներու վրայ ու բազմաթիւ մարզերու մէջ: Սակայն, միջազգային իմաստով եւ համահայկական հռչակումով, մեծագոյնը պիտի ըլլայ տօնակատարութեանց, մեր երեք` էջմիածնական,անթիլիասական ու հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու, Ֆրանսիսկոս սրբազան պապին հովանաւորութեամբ ու Վատիկանին գլխաւորութեամբ կազմակերպուած տօնը:

Շարունակելով իր խօսքը` վարդապետը ըսաւ, որ Շնորհալի հայ ազգին ամէնէն պտղաբեր գործիչներէն մին, եւ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ ամէնէն ծանօթ կաթողիկոսներէն ու մասնաւորապէս` հայ մատենագրութեան ամէնէն անուանի անձնաւորութիւններէն մէկը, բայց առանձնապէս մեծագոյն կաթողիկոս մատենագիրը եղաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի` Ներսէս Գ. Կլայեցի կաթողիկոսը:

Ան ծնած է 1102-ին, Միջագետքի Տլուք գաւառի Ծովք դղեակին մէջ : Հայրը Ապիրատ Պահլաւունի իշխանն է: Շնորհալին կրտսեր եղբայրն է Գրիգոր Գ. (փոքր վկայասէր) Պահլաւունի կաթողիկոսին:

Իր ժամանակուան ամէնէն զարգացած եւ բազմահմուտ անձնաւորութիւններէն մէկն էր, հիմնական կրթութիւնը ստացած է Կարմիր վանքին դպրոցին մէջ ու աշակերտած է Ստեփանոս Մանուկ եպիսկոպոսին:

1166 թուականին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ձեռնադրուած է` յաջորդելով իր եղբօր:

Ան վախճանած է 1173-ին Հռոմկլա, ուր նաեւ թաղուած է:

Շնորհալին շատ բախտաւոր հեղինակներէն է, որուն գրական ժառանգութիւնը համարեա ամբողջութեամբ հասած է մեզի: Անոր երկերուն մեծամասնութիւնը հրատարակուած է ու բազմիցս տպագրուած` արդէն ԺԶ. դարէն սկսեալ: Նաեւ շատ գործեր թարգմանուած են տասնեակ լեզուներու:

Շնորհալի ունի` 29-է աւելի արձակ գործեր, շարականներ, գանձեր, տաղեր, երգեր, առակներ եւ հանելուկներ:

Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը ունի երկու գիրքեր, որոնց անուններն են` «Աստուածաշունչ» եւ «Մատեան ողբերգութեան, Նարեկ»: Ապա նաեւ ընդունելու ենք, որ երրորդ գիրքն է «Յիսուս որդի»-ն, որ դարերու ընթացքին մեր մէջ վայելած է մեծ ժողովրդականութիւն ու հանդիսացած է մեր  ընթերցասիրութեան ամէնէն ընտրելիներէն մին:

Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»-ը` չափածոյ արձակ աղօթքը, ունի իր ուրոյն տեղն ու արժէքը ազգային մեր հոգեւոր մատենագրութեան ու հայեցողութեան մէջ:

Ստուգիւ իրողութիւնը  այն է, որ «Հաւատով խոստովանիմ»-ը  միջազգայնօրէն  ամէնէն աւելի գնահատուած ու տարածուած հայ աղօթքն է: Ան թարգմանուած է եօթնէ աւելի լեզուներու: «Հաւատով խոստովանիմ»-ը կը բաժնուի 24 տուներու` համապատասխան օրուան 24 ժամերուն:

Ան դիտել տուաւ, որ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցական մեր մեծագոյն երաժիշտ անձնաւորութիւններէն մին է, իր երգերու, տաղերու եւ  շարականներու եղանակներուն յօրինողը: Անոր ամէնէն ծանօթ ու ժողովրդական երգերէն են «Յիշեսցուք», «Զարթիք», «Առաւօտ լուսոյ», «Աշխարհ ամենայնի», «Այսօր անճառ» եւ ուրիշներ: Ան  նաեւ Ս. Աստուածածնին նուիրուած երգեր ունի:

Հայր Մեսրոպ նախքան աւարտելը իր խօսքը` ըսաւ, որ Հայոց եկեղեցին Ս. Ներսէս Շնորհալի տօնը կը կատարէ «Խաչվերացի» հինգերորդ կիրակիին նախորդող շաբաթ օրը` «Սրբոց Թարգմանչած վարդապետաց»-ին հետ:

Մեսրոպ վարդապետին Ներսէս Շնորհալիի նուիրուած դասախօսութիւնը հետաքրքրական եւ նորութիւններով յագեցած էր, եւ ան մեծապէս գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2023
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ