Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած բժիշկ Հայկ Խաչատուր Բոնապարտեան (Պոնափարթեան)

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Aztagdaily.com- Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան ծնած է 18  հոկտեմբեր 1880-ին, Մալաթիա: Հօր անունը` Խաչատուր:

1895-ին  ծննդավայրին մէջ մասնակցած է թուրք խուժանի մը դէմ բախումի մը եւ յաղթական դուրս եկած է:

Բժշկակակ վկայական ստացած է 1908-ին:

1914-15 ծառայած է օսմանեան բանակին` իբրեւ բժիշկ:

1914-ի կիսուն, ռուս-թրքական ճակատին վրայ ծառայութեան օրերուն, ընկերներու հետ ձիերով փախուստ տուած է թրքական բանակէն, անցած է Ծանծաղ գետը եւ յանձնուած է ռուսական զօրքին: Տեղափոխուած է Կովկաս եւ միացած է զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի կամաւորական բանակին: 1914-1920 եղած է անոր անձնական բժիշկը, թարգմանիչը եւ թիկնապահը:

14 սեպտեմբեր 1915-ին Երեւանի մէջ Սիմոն Վրացեանին հետ դիմաւորած է Ամերիկայէն ժամանած հայ կամաւորներու 500 հոգինոց խումբը:

Եղած է ՀՅԴ-ի անդամ, սակայն որոշ տարակարծութիւններու պատճառով դուրս եկած է ՀՅԴ-էն եւ միացած է Զօր. Անդրանիկի կամաւորական բանակին`  վաշտապետ- հարիւրապետ աստիճանով:

1917-ին անցած է Թիֆլիս եւ զօրավար Անդրանիկի նախաձեռնութեամբ հրատարակած է արեւմտահայերու «Հայաստան» թերթը:

1917-ի մայիս 2-11-ին Երեւանի մէջ կայացած է արեւմտահայերու առաջին համագումարը:  Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան  եղած է 59 պատգամաւորներէն մէկը: Ընտրուած է Ազգային խորհուրդի անդամ, մէկը` անոր 15 անդամներէն: Յաջորդ տարիներուն եւս վարած է նոյն պաշտօնը:

Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան  մասնակցած է զօրավար Անդրանիկի բոլոր արշաւանքներուն եւ կռիւներուն:

Ան եղած է Զանգեզուրի հայկական ինքնապաշտպանական շրջաններէն մէկուն հրամանատարը:

Հրամանատար բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան

Անդրանիկի կողքին եղած է Կարնոյ պաշտպանութեան օրերուն, 10-27 փետրուար 1918-ին:

Կարնոյ անկումէն ետք, մասնակցած է Զանգեզուրի պաշտպանական կռիւներուն:

Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան 1919-ին մաս կազմած է հայկական պատուիրակութեան եւ այցելած է Ֆրանսա: Այցին նպատակն էր հայ ազատագրական պայքարի շարունակումը եւ հայկական Կիլիկիոյ ազատագրումը: Ան Փարիզի մէջ հանդիպած է հայ ականաւոր գործիչներու` Պօղոս Նուպար փաշայի, Գաբրիէլ Նորատունկեանի, Վահան Փափազեանի, Աւետիս Թերզիպաշեանին եւ Ֆրանսայի նախագահին:

ՀՀ պատուիրակութիւնը 1919-ին պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած է ԱՄՆ: Պատուիրակութեան անդամ եղած է զօրավար Անդրանիկ: Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան ընկերակցած է զօրավար Անդրանիկին` իբրեւ անոր անձնական բժիշկը, թիկնապահը եւ աջակիցը:

ՀՀ պատուիրակութիւնը ԱՄՆ, 1919-ին. բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան ոտքի, աջէն առաջինը

Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան զօրավար Անդրանիկին ընկերակցած է նաեւ անոր Անգլիա եւ  Եգիպտոս այցելութիւններուն, 1920-ին:

Ան եղած է անուանի հռետոր:

Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան մահացած է 10 յունուար 1955-ին, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, եւ թաղուած է Կլենտէյլի «Ֆորեսթ Լոն Մեմորիըլ Փարք» գերեզմանատան մէջ:

Մոնրէալ, 20 ապրիլ 2023

Աղբիւրներ`

  1. Մինասեան, բժիշկ Յարութիւն, հայազգի բժիշկ-գործիչներ, Երեւան, 2020:
  2. Ուիքիփետիա, Ազատ հանրագիտարան, Բոնապարտեան Հայկ Խաչատուր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ