Ծերակուտականները ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը կը յորդորեն Արցախի շրջափակման դադրեցումը պահանջող բանաձեւ ներկայացնելու

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յանձնախումբի նախագահ Պապ Մենենտես եւ ծերակուտական Ալեքս Պատիլա նամակ յղած են ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Լինտա Թամըս-Կրինֆիլտին` յորդորելով ներկայացնելու բանաձեւ, որ Ազրպէյճանին կոչ պիտի ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի 8-ամսեայ շրջափակումը եւ պիտի արտօնէ անսահմանափակ ծաւալով մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն: Այս մասին կը գրէ «Ամերիկայի ձայն»-ը` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի հաղորդագրութեան:

Ծերակուտականներու համոզումով, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը սպառնայ սովի միջոցով ազգային զտումներ իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի նկատմամբ` նաեւ զրկելով վառելանիւթէն եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներէն: Ծերակուտականները ՄԱԿ-ին կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ գործելու` կառոյցի կանոնադրութեան եւ լիազօրութեան համաձայն:

«Ազրպէյճանը ութ ամիս աստիճանաբար խստացուցած է շրջափակումը, որու նպատակն է Լեռնային Ղարաբաղի հայերը զրկել առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէն, ներառեալ սնունդէն եւ դեղորայքէն: Յունիս 15-ին Ազրպէյճանը փաստացի (ամբողջովին) արգիլեց մարդասիրական օգնութեան մատակարումը, ինչը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ այնտեղ` ապրող տասնեակ հազարաւոր մարդոց, ներառեալ երեխաներու, ծերերու, հիւանդութիւն եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու համար», ընդգծած են ծերակուտականները:

«Կը խնդրենք, աշխատանք տանիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր անդամներու հետ` Ազրպէյճանի կառավարութեան նկատմամբ ճնշում բանեցնելու` վերացնելու շրջափակումը եւ կանխարգիլելու զայն, ինչը, ըստ ապացոյցներու, կը վկայէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դէմ (կիրարկուող) ցեղային զտման համակարգուած ջանքերու մասին», եզրափակած են ծերակուտականները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2023
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ