
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը Ա. Համաշխարհային պատերազմէն պարտուած դուրս եկած Օսմանեան կայսրութեան եւ յաղթական Դաշնակից պետութիւններուն` Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Ճափոնի, Պելճիքայի, Յունաստանի, Լեհաստանի, Փորթուգալի եւ Ռումանիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ 103 տարի առաջ, 10 օգոստոս 1920-ին, Փարիզի մօտակայ Սեւրի մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան անունով դաշնագիրը ստորագրեց Աւետիս Ահարոնեան:
Դաշնագիրը կը բաղկանայ 552 յօդուածներէ, որոնք կը վերաբերին սահմանային, քաղաքական եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան հարցերու:
Սեւրի դաշնագիրին համաձայն, Թուրքիոյ կը մնային Պոլիսն ու շրջակայքը, իսկ ասիական Թուրքիա կը սեղմուէր արեւմտեան Անատոլուի մէջ: Թուրքիա կը հրաժարէր իր գերիշխանութենէն` Թրակիոյ նկատմամբ, Եգէական ծովու կղզիներէն, Կիպրոսէն, Եգիպտոսէն եւ արաբական տիրոյթներէն: Իզմիր հինգ տարի ետք, հանրաքուէի հիմամբ, կրնար Յունաստանին միանալ:
Ազգերու լիկայի միջոցով Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի թեւարկութեան կը յանձնուէին Միջագետքը, Պաղեստինը եւ Սուրիան, Հիճազ եւ Հայաստան անկախ պետութիւններ կը դառնային:
Դաշնագիրին Հայաստանի նկատմամբ բաժինը կ՛ընդգրկէր 88-93-րդ յօդուածները:
Յօդուած 88- Թուրքիա Հայաստանը կը ճանչնայ իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն:
Յօդուած 89- Թուրքիա եւ Հայաստան կը համաձայնին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներուն մէջ երկու պետութիւններու միջեւ սահմանագծումը ձգել Միացեալ Նահանգներու նախագահի որոշումին եւ ընդունիլ անոր որոշումը եւ Հայաստանի դէպի ծով ելք տալու ու յիշեալ սահմանագիծին յարող օսմանեան բոլոր տարածքներու ապառազմականացման վերաբերեալ առաջարկները:
Յօդուած 92- Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ Հայաստանի սահմանները պիտի որոշուին այդ պետութիւններու հետ ուղղակի բանակցութիւններու միջոցով: Եթէ այդ պետութիւնները չյաջողին համաձայնիլ, ապա Դաշնակիցները խնդիրը պէտք է լուծեն յատուկ յանձնաժողովի օգնութեամբ:
Սեւրի դաշնագիրի 93-րդ յօդուածով կը թոյլատրուի բնակչութեան կամաւոր փոխանակում: Տասնութէն բարձր տարիք ունեցող անձեր կրնան քաղաքացիութիւն ընտրել տարածաշրջանի մէկ այլ երկրին մէջ` իրենց ազգային կամ կրօնական պատկանելիութեան համապատասխան, ուր անոնք մեծամասնութիւն կը կազմեն: Այդ մարդիկ կը պահպանեն իրենց իրաւունքը անշարժ գոյքի նկատմամբ:
Լքեալ գոյքի մասին օսմանեան կառավարութեան 1915-ի օրէնքը անօրինական կը յայտարարուի:
Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, կեանքը եւ ազատութիւնը պէտք է ապահովէ կառավարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն 22 նոյեմբեր 1920-ին իր որոշումը յանձնեց եւրոպական պետութիւններուն: Անոր որոշումին համաձայն, Հայաստան պէտք էր ստանար Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն երկու-երրորդը, Էրզրումի գրեթէ ամբողջ նահանգը եւ Տրապիզոնի նահանգին արեւելեան հատուածը, ներառեալ` համանուն քաղաքը: Ընդհանուր առմամբ, այդ տարածքը կը կազմէր 90 հազար քառ. քմ, որ միաւորուելով արդէն գոյութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան հետ` հայկական անկախ պետութիւնը կ՛ունենար շուրջ 160 հազար քառ. քմ տարածութիւն:
Leave a Reply