Լիզպոնի հերոսներուն ոգեկոչման ձեռնարկներ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 

Միացեալ Նահանգներ

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին,  մասնակցութեամբ ՀԵԴ, ՀԵԴ Կլենտէյլի «Ռուբէն ուխտ» եւ «Շանթ» Ուսանողական միութեան, 23 յուլիսին Պրպենքի «Պէշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ  տեղի ունեցաւ «Սրբազան խաչելութիւն» խորագիրը կրող ոգեկոչման ձեռնարկ` նուիրուած Լիզպոնի հինգ մարտիկներու սխրագործութեան 40-ամեակի յիշատակին:

Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցան տարբեր տեսերիզներ, ներառեալ` անհատական վկայութիւններ եւ պատմական արխիւներ: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, իսկ օրուան գլխաւոր բանախօսն էր հրապարակախօս Վաչէ Բրուտեան:

Կիպրոս

Նախագահութեամբ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, նախաձեռնութեամբ Կիպրոսի ՀՅԴ կոմիտէին, 30 յուլիսին Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Լիզպոնի հինգ անձնազոհ հերոսներու` Սիմոն Եահնէեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Արա Քըրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի յիշատակին, անոնց հերոսական արարքի  40-րդ տարելիցին առիթով: Պատարագեց եւ քարոզեց Նիկոսիոյ հովիւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեան:

Յունաստան

Նախագահութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան, 30 յուլիսին Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ-ոգեկոչում Լիզպոնի հինգ անձնազոհ հերոսներու յիշատակին:

Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Քրիստոսին հետեւողը իր խաչը պիտի կրէ ամէն օր, աւելցնելով, որ Քրիստոսի հետեւիլ` կը նշանակէ ընդունիլ եւ ապրիլ Քրիստոսի ուսուցումներն ու պատուէրները, իսկ խաչ կրել` կը նշանակէ քաջութիւնը ունենալ եւ յարատեւել կեանքով ապրիլ Քրիստոսի պատուէրները, որ հիմնականին մէջ կ՛ենթադրէ ուրանալ իր անձը, իր եսը եւ ընդունիլ նաեւ ուրիշները: Սրբազանը ըսաւ, որ մարդկութեան պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան զարգացումը արդիւնքն է անձնազոհ մարդոց իրագործումներուն, աւելցնելով, որ անձնուրացութեան, անձնազոհութեան քրիստոնէական կենցաղի այս հաւատքը եւ սկզբունքը խորապէս արմատացած են հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրին եւ հաւաքական գիտակցութեան մէջ, եւ անոր արտացոլացումներն են հայոց պատմութեան բոլոր ժամանակներուն յանուն ազգի գոյապայքարին մղուած հերոսական պատմակերտ սխրանքները:

Իր խօսքը մասնաւորելով Լիզպոնի հերոսական արարքին վրայ` սրբազան հայրը յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի արդար Դատին եւ իրաւունքներուն համար բացուած բազմատեսակ եւ բազմաբնոյթ պայքարի ուղիին վրայ, 40 տարիներ առաջ Հայ դատի հետապնդման պայքարին զինուորագրուած հինգ երիտասարդ տղաներ Լիզպոնի մէջ ընդառաջեցին պարտականութեան կոչին: Անոնք իրենց յանձնառութեամբ շարունակեցին նոր օղակ դառնալ պատմութեան ընթացքին իրարու ագուցուած հերոսական նահատակութեանց շղթային: Սրբազանը շեշտեց, որ նահատակութեան ոգին ազգասիրութեան գերագոյն արտայայտութիւն է: Ամէն մարդ կրնայ հանգիստի եւ խաղաղ պայմաններուն մէջ հայրենասէր ըլլալ. հայրենասիրութիւնը վերացական գաղափար եւ զգացում է, եթէ կեանքով եւ արարքով չապացուցուի: Լիզպոնի տղոց անձնազոհութիւնը մէկ օրէն միւսը որոշուած պատահականութեան արդիւնք չէր, այլ գիտակցութեան արդիւնք էր, եւ գիտակցութիւնն ալ` դաստիարակութեան:

Սրբազանը հաստատեց, որ Լիզպոնի հինգ տղոց անձնազոհութեան ոգեկոչումը այսօր մեզի կը թելադրէ հետեւեալները. ա) Դաստիարակութիւնն է, որ կը պատրաստէ գիտակից, յանձնառու, անձնուէր, պատրաստ սերունդներ, բ) Սփիւռքի գոյատեւման եւ հայապահպանման համար կատարուած աշխատանքներուն նախագիծը ցոյց կու տայ, որ մեր գաղութներուն մէջ հիմնուած եկեղեցական թէ ազգային բոլոր կառոյցները գոյացած են որպէս խիստ անհրաժեշտութիւն, որպէսզի ապագայի կարողականութեամբ օժտուած նոր սերունդի ցորենի հատիկները ազգի անդաստանին պարարտ հողին մէջ աճին: Այդ պատճառով ալ ներկայիս ճիշդ պիտի չըլլայ այդ կառոյցներուն միջեւ նախընտրութիւններ եւ առաջնահերթութիւններ յառաջացնելու գործելակերպը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը, անխտիր, իրեն յատուկ դերակատարութիւնը ունի, գ) Լիզպոնի հինգին անձնազոհութիւնը մեր պատմութեան միակ դէպքը չէ: Հերոսական դէպքերը մէկը միւսին ոգեւորող շարունակականութիւն են: Իւրաքանչիւր նահատակ հերոս իր սխրագործութեան մէջ յարատեւող կը մնայ, այնքան ատեն որ հաստատ համոզումը ունի, թէ պայքարի ճանապարհի վրայ ինք վերջինը չէ, իրմէ ետք շարունակողներ պիտի ըլլան: Հետեւաբար անոնց յիշատակը ոգեկոչել` կը նշանակէ յարգել եւ արժեւորել անոնց վաստակը, բայց մանաւանդ` ներկայ սերունդին անդրադարձնել,  որ անոնց վաստակին արժէքը պայմանաւորուած կը մնայ` յաջորդներուն յանձնառու շարունակութեամբ:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը հաստատեց, որ առիթին թելադրող պատգամն է հայապահպանման համար անհրաժեշտ բոլոր տեսակի եւ բնոյթի աշխատանքներուն եւ պարտականութեանց անձնուիրաբար ընդառաջելու յանձնառութիւնը ունենալ:

ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան անունով խօսք առաւ Քարէն Գաւլաքեան: Ան նկատել տուաւ, որ 40 տարիներ անցած են այն օրէն, երբ հինգ երիտասարդ հայեր Լիզպոնի մէջ ուժական արարքով մը գրաւեցին թրքական դեսպանատունը` արդարութեան պահանջով եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը աշխարհին յիշեցնելու համար, աւելցնելով, որ անոնք հոն ձգեցին իրենց վերջին շունչը, հերոսացան եւ անմահացան իրենց քաջութեամբ ու կեանքի զոհաբերութեամբ: Ան շեշտեց, որ Արա, Վաչէ, Սարգիս, Սիմոն եւ Սեդրակ անունները դրոշմուած կը մնան մեր միտքերուն մէջ, եւ հակառակ անոր որ մենք չենք ճանչցած զիրենք, հակառակ անոր որ տարիները կ՛անցնին, անոնք` իբրեւ հարազատ ընկերներ, կը ներշնչեն եւ կ՛ոգեւորեն մեզ, իրենց ըմբոստ ոգին կը վարակէ երիտասարդները` Հայ դատի պայքարի ճամբուն վրայ, մեր քարոզչական գործին մէջ եւ պահանջատիրական ելոյթներուն ընթացքին:

Գաւլաքեան շեշտեց, որ 40 տարի ետք մենք բոլորս պէտք ունինք Լիզպոնի տղոց զիջելու դասէն քիչ մը սորվելու, եթէ մենք այսօր չզիջինք, չներենք զիրար, ապա մեր անմիաբանութիւնը աւելի պիտի խորանայ, ու բնականաբար անմիաբանութեան աւարտը միայն փլուզումը կ՛ըլլայ, կը յուսամ, որ այդ փլուզումը կանգնեցնեն Լիզպոնի մէջ անշնչացած մեր անմահ հերոսները` իրենց  զիջելու, ներելու, խոնարհելու պատգամով…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2023
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ