ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Այս առումով անհրաժեշտ է յիշել մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի (1914-1984) «Լիզպոնի ողջակէզներին» քերթուածը, որ հետագային տաղանդաւոր արուեստագէտ Վիգէն Դարբինեան որոշ փոփոխութիւններով երգի վերածելով երգեց եւ զայն վերանուանեց` «Անվերադարձ մահով սակայն»:
Այստեղ տեղին է յիշել, որ Շիրազ այս գրութիւնը կը ստեղծագործէր Խորհրդային Միութեան աննպաստ պայմաններու օրերուն, այդ պատճառով ալ քերթուածը լոյս չտեսաւ, բացի անոր մահէն ետք:

Յ. Շիրազ, ինչպէս միշտ, նաեւ այս քերթուածով երեւան կու գայ իր գեղարուեստական մտածողութեամբ: Անոր մօտ առկայ հայրենասիրութեան բոցավառ ջահը, զոր Շիրազ միշտ անմար պահեց յատկապէս 1940-1960-ական թուականներուն, ահա 1980-ականներուն կը գերազանցէ ինքզինք:
Յ. Շիրազի «Լիզպոնի ողջակէզներին»-ը կ’ընդգրկէ լայն ոլորտ` ժողովուրդի պատմութեան անցեալ, Հայաստանի վերածնունդ, սփիւռքահայութիւն, պատմական հայրենիքի ազատագրման յոյս, մանաւանդ Մեծ եղեռնի եղելութիւնն ու անոր վրէժը: Այստեղ կը բացայայտուին Շիրազի զգացմունքայնութիւնն ու խիղճը, ինչպէս նաեւ կը տեսնենք անոր համար խիստ թանկ եղող հայրենիքի նկատմամբ ունեցած ու հայրենասէրի ապրումները: Վերջապէս խոհափիլիսոփայական մտորումներով, մարդու յաւերժական կերպարի բացայայտման հարցով մեզի կը պատգամէ եւ մտածել կու տայ հայրենիքի կորուստին մասին, յատկապէս լուսարձակի տակ բերելով անոր վրայ ապրած, սակայն հետագային տարագրուած եւ նահատակուած աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայ ժողովուրդին ճակատագիրը:
«Լիզպոնի ողջակէզներին» երգին երաժշտութիւնը յօրինած է Վիգէն Դարբինեան:
Վիգէնին հետ մեր հաղորդակցութեան ընթացքին ան հաստատեց, որ Շիրազին արձակ բանաստեղծութիւնը յանգաւորելով եւ շատ քիչ փոխելով երաժշտութիւնը յօրինած ու երգած է:

Վիգէն Դարբինեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Իր հեղինակային երգերով կը մնայ արեւմտահայերէն երգեր յօրինող սակաւաթիւ արուեստագէտներէն եւ արեւմտահայերէն լեզուն ու մշակոյթը երգի ճամբով կեանքի կոչողն ու պահպանողը:
Վիգէն Դարբինեան իր ժողովուրդին պէս ինք ալ թափառական ու աստանդական կեանք ապրած է. արդարեւ, 12 տարեկան էր, երբ Դամասկոսէն Պէյրութ հաստատուեցաւ իր ծնողքին հետ, այնտեղէն ալ` Ֆրանսա: Պէյրութի մէջ ան շարունակեց յաճախել հայկական վարժարան` Հայ աւետարանական քոլեճ: Փոքր տարիքէն սիրած է երգը, թատրոնը եւ «Եկեղեցին հայկական»-ը, որոնք մեր մշակոյթի անբաժան մասնիկներն են, եւ որոնք դարձան Վիգէնին կեանքին անբաժանելի մասը: Վիգէն կ’երգէ հայերէն, արեւմտահայերէն: Արուեստագէտ Վիգէն Դարբինեան ընտրած է հին երգերը, անցեալի երգերը, զանոնք մեկնաբանած` իր ձեւով: Դասականը յարդարելով, զայն պատշաճեցնելով ժամանակի ոգիին, խուսափելով հինին նորը հագցնելու փորձութենէն: Այսպէս, Յարութ Պէզճեանի հետ «Յարդար» կոչեցին իրենց առաջին ձայնապնակը, եւ, հարկ է ըսել, արժանացան ժողովուրդի դրական ընդունելութեան: Դժբախտաբար երկար կեանք չունեցաւ «Յարդար»-ը:
«Յարդար»-էն ետք Վիգէն Դարբինեան այս ուղին կը շարունակէ առանձին, կը հրապարակէ «Երազ», «Բարեւ», «Կարօտ» սկաւառակները (վինիլի վրայ), անկէ ետք խտասալիկի վրայ` «Կարօտ»-ը, «Ժպիտ եւ արցունքներ»-ը, «Ձայն եւ դաշնակ»-ը, «Նոր Դար»-ը եւ վերջինը` «Վերադարձ»-ը:
Վիգէն կը ծանօթանայ ֆրանսացի համբաւաւոր երաժիշտ, դաշնակահար Փաթրիս Փէյրիէրասին եւ 1983-ին ելոյթ կ’ունենայ Փարիզի ամէնէն նշանաւոր` «Օլիմփիա» հանդիսասրահին մէջ: Միասին շրջապտոյտներ կ’ունենան զանազան երկիրներ` Պելճիքա, Անգլիա, Հոլանտա, Յունաստան, Եգիպտոս, Լիբանան, իսկ աւելի ուշ Վիգէն Դարբինեան առանձինը բազմիցս կ’այցելէ Լոս Անճելըս:
Այդ օրերուն էր, որ աշխարհահռչակ Շարլ Ազնաւուր արուեստագէտ Վիգէն Դարբինեանն ու Յարութ Պէզճեանը հրաւիրեց ֆրանսական հեռատեսիլ « Le Grand Échiquier » յայտագրին: Շարլ Ազնաւուրի պատասխանը այդ երկու երիտասարդներու հրաւէրի պատճառին այն էր, թէ անոնց կատարած հայ երգի մեկնաբանութիւնը ունկնդրելի էր բոլորին համար:
Վիգէն Դարբինեանին երգացանկը քնարային ըլլալուն կողքին նաեւ պատգամաբեր է, մեկնաբանուած երգերը, ինչպէս` «Կարօտ», «Կռունկները», «Զինուորին մօր երգը», ազգային շունչով պարուրուած են, ունին կոչ ու հրաւէր:

«Անվերադարձ մահով սակայն» երգն ալ Վիգէնին այդ ազգային եւ հայրենասիրական շունչով տոգորուած երգերէն է, զոր յօրինած ու երգած է եւ 1986-ին` «Բարեւ» ձայնապնակի (վինիլի վրայ) երգացանկին մէջ տեղ գտած:
Երգին երաժշտութիւնը քայլերգային է, բարձր ճաշակով ստեղծագործուած, հոն յառաջ գացողը նիւթն է` երգին բառերը: Երգը ընթացք կ’առնէ դանդաղ, հետզհետէ քայլերգային բնոյթ ստանալով, զգալի կը դառնայ պոռթկումը, ոգեւորող, խրոխտ ու խիզախ արտայայտութիւն:
ԱՆՎԵՐԱԴԱՐՁ ՄԱՀՈՎ ՍԱԿԱՅՆ
Խօսք` Յովհաննէս Շիրազի
(Վիգէն Դարբինեանի կողմէ որոշ փոփոխութեան
ենթարկուած եւ կշռութաւորուած)
Երաժշտ.` Վիգէն Դարբինեանի
Պարծէք հայեր, բալիկներուդ`
Դեռ ծիլ ընկած գալիքներուդ,
Որ քեզ ամառ պիտի տային,
Բայց կէս ճամբին ընկան կիսատ
Դեռ չտեսած հողն Արարատ:
Յիշէ՛ք, հայե՛ր, ընկողներին,
Որ չհասան մեր հողերին,
Ընկան հինգն էլ ի սէր հայոց`
Մեր հինգ միլիոն զոհուած որդոց,
Որ գեր-ձորում ընկած են դեռ`
Հայ վրէժի յոյսով անմեռ:
Ե՛կ գովք անենք հայ քաջերին
Խենթ սրտին էլ ընդդէմ դարի,
Յիշէ՛ք, հայե՛ր, ինչպէս Տիզպոն
Երէկ` Տիզպոն, այսօր` Լիզպոն,
Ե՛կ, դիմացիր, ազգ իմ զգօն…
Հինգ հայդուկին այս երգեհոն,
Ե՛կ, որ Վարդանն Աւարայրի
Անէծք դառնայ թուրքին վայրի:
Յիշէ՛ք, հայե՛ր, որ վայր ընկան
Անվերադարձ մահով, սակայն,
Անվերադարձ մահով, սակայն:
Հայն է զոհւում հորիզոնից,
Մինչ հորիզոն, մինչ հորիզոն,
Չենք մոռանում Եղեռնը մեծ
Որ հայ արեան ծովը խմեց,
Որ հայ արեան ծովը խմեց:
Քարը թողեց վերապրողին,
Թուրքն է ապրում, այն էր` հողին,
Խամրեց արեւն ողջ հայութեան:
Յիշէ՛ք, հայե՛ր, Եղեռնն համայն,
Յիշէ՛ք, հայե՛ր, Եղեռնն համայն…
Յիշէ՛ք, հայե՛ր, որ վայր ընկան:
Սարգիս, Սեդրակ, Արա, Սիմոն,
Ինքը` Վաչէն հանց երգեհոն,
Մեզ կը կանչեն ու գան պիտի
Ի սէր գերուած Հայաստանի,
Ի սէր գերուած Արարատի…
Ի սէր հայոց մայր հողերին`
Ընդդէմ հողաց թուրք գողերին,
Որ Հայաստանն իմ խլեցին,
Մեզ վրէժը լոկ թողեցին.
Մեզ վրէժը լոկ թողեցին.
Երէկ` Տիզպոն, այսօր Լիզպոն,
Անվերադարձ, մահով սակայն…
(Շար. 8)
Leave a Reply