Հարիւրամեակ Լոզանի դաշագիրին. Լոզանի դաշնագիրը եւ հայկական բռնագրաւեալ հողերու իրաւական պատկանելիութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Թուրք-յունական 1919-1922-ի պատերազմէն եւ Յունաստանի պարտութենէն ետք, Մերձաւոր Արեւելքի հարցը հանգուցալուծելու առաջադրանքով Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Յունաստանի, Ճափոնի, Ռումանիոյ, Եուկոսլաւիոյ եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ` դիտորդի կարգավիճակով` Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ 20 նոյեմբերին բանակցութիւններ սկսան, որոնք շարունակուեցան յաջորդող ամիսներուն:

Լոզանի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 24 յուլիս 1923-ին:

Թէեւ Լոզանի դաշնագիրը չի վերաբերիր Հայաստանի, սակայն սերտօրէն կ՛առնչուի հայ ժողովուրդին:

Լոզանի դաշնագիրը չեղեալ չի յայտարարեր Սեւրի դաշնագիրը:

Լոզանի դաշնագիրը կը յստակացնէ Թուրքիոյ սահմանը Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ:

Լոզանի դաշնագիրը չէ անդրադարձած հայ-թրքական սահմանին, այն պատճառով որ անիկա միանգամընդմիշտ որոշուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ամբեկանելի եւ կատարման համար պարտադիր Իրաւարար վճիռով:

Ուիլսընի իրաւարար վճիռով հայապատկան տարածքները Լոզանի դաշնագիրով չեն ներառուած իբրեւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն ճանչցուած երկրի սահմաններէն ներս, հետեւաբար Լոզանի մէջ Թուրքիոյ անունով հանդէս եկող պատուիրակութիւնը 16-րդ յօդուածով հրաժարած է անոր նկատմամբ իրաւունքներէն:

Լոզանի դաշնագիրի 16-րդ յօդուածի երկրորդ պարբերութիւնը կ՛ըսէ.

«Սոյն յօդուածի դրոյթները չեն ներազդեր բարի դրացիական յարաբերութիւններէ բխող այն յատուկ պայմանաւորուածութիւններուն վրայ, որոնք կայացած են կամ կրնան կայանալ Թուրքիոյ եւ սահմանակից երկիրներէն որեւէ մէկուն միջեւ»:

«Յատուկ պայմանաւորուածութիւններու» շարքին կը պատկանի նաեւ իրաւարար վճիռը:

Լոզանի դաշնագիրի 37-էն 44 յօդուածները նուիրուած են Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն: Թուրքիոյ բոլոր բնակիչներուն կը տրուի հաւատքի ազատութիւն: Թրքական կառավարութիւնը պարտաւորութիւն կը ստանձնէ պահպանութեան տակ առնել եկեղեցիները, գերեզմանները եւ փոքրամասնութիւններու կրօնական հաստատութիւնները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2023
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ