Արցախ` հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդ. կրթական եւ մշակութային գործունէութեան ծաւալում Արցախի մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

Ռուսական կառավարութիւնը, պետութեան սահմաններէն ներս, իսլամ հպատակներու մէջ քրիստոնէութիւնը տարածելու մտադրութեամբ, Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքի աւետարանական քարոզչական ընկերութեան 1822-ին արտօնութիւն տուած էր Կովկասի մէջ կեդրոններ, դպրոցներ եւ տպարաններ հիմնելու:

Քարոզչական ընկերութիւնը կը գլխաւորէին Աւկուսթ Տիթրիխ եւ Ֆելիցիան Զարեմպա:

Զուիցերիացի քարոզիչները ցարական կառավարութեան հաւանութեամբ 1823-ին հաստատուեցան Շուշիի մէջ:

Սկզբնական շրջանին անոնք կրթական գործունէութիւն ծաւալեցին եւ արցախցի մտաւորական ու հոգեւոր շրջանակներու հետ կապեր հաստատեցին: Քարոզիչներ Տիթրիխ եւ Հաակ հայերէն սորվեցան: Հաակ տիրապետեց նաեւ Արցախի բարբառին: Անոնց գործակիցն էր Յարութիւն Գալստեան, որ աւելի ծանօթ էր Միրզա Ֆարուխ անունով:

Քարոզիչները 1827-ին Շուշիի մէջ ուսումնարան` Լեմսի շքոլ եւ տպարան բացին:

Դպրոցին մէջ աշակերտները հայերէն լեզու կը սորվէին, Աւետարան կը կարդային եւ գրաբարէ աշխարհաբար թարգմանութիւններ կը կատարէին:

Դպրոցէն շրջանաւարտները միսիոնարներուն օժանդակութեամբ Շուշիի եւ գիւղերուն մէջ դպրոցներ բացին:

Պազէլի բողոքական քարոզիչները 1831 յունիսին Պետերբուրգ` կրթական նախարարութեան ներկայացուցին իրենց գործունէութեան առաջին արդիւնքները: Մասնաւորաբար կը յիշուէր, որ դպրոցի բացումէն մէկ տարի ետք աշակերտութեան թիւը հասած էր 130 հոգիի:

Դպրոցին կից բացուած տպարանէն կրօնական բովանդակութիւն ունեցող գրականութիւն կը հրատարակուէր:

Պազէլի աւետարանական քարոզչական կեդրոնը

Պազէլի աւետարանական ընկերութիւնը զուգահեռաբար հայերէն գրականութիւն կը հրատարակէր նաեւ Մոսկուայի մէջ:

Այսպիսով, Շուշիի եւ Մոսկուայի մէջ միսիոնարները հրատարակեցին հազարաւոր օրինակ հայերէն, ինչպէս նաեւ պարսկերէն, թրքերէն եւ եբրայերէն գիրքեր: Հայերէն գիրքերուն վրայ միշտ կը յիշատակուէին կաթողիկոսի եւ տպագրութիւնը թոյլատրող առաջնորդի անունները:

Զուիցերիացի միսիոնարները կը յայտարարէին, որ իրենց գործունէութիւնը ուղղուած է միայն հեթանոսները եւ իսլամները քրիստոնէացնելու աշխատանքին վրայ, իսկ քրիստոնեաներու շրջանակներուն մէջ անիկա սահմանափակուած է միայն Սուրբ Գիրքի տարածումով:

Սակայն անոնց գործունէութիւնը ի վերջոյ հասած էր հայերու մէջ դաւանափոխութեան տարածման:

Հայ հոգեւորականութիւնը սկսաւ բացասական վերաբերմունք ունենալ բողոքական քարոզիչներուն նկատմամբ, յատկապէս երբ յայտնի դարձաւ որ Սեւանի վանքի միաբաններէն երկու վարդապետ բողոքական դարձած են:

Սուրբ Էջմիածին կառավարութեան դիմեց` դաւանափոխութեան առաջքը առնելու խնդրանքով:

Դաւանափոխութեան տարածումը բացասական տպաւորութիւն ձգեց միսիոնարներու հեղինակութեան վրայ եւ աշակերտները սկսան հեռանալ դպրոցներէն:

Ռուսական իշխանութիւնները միջամտեցին եւ պաշտպանելով հայ հոգեւորականութեան դիրքորոշումը` քարոզիչներուն գործունէութիւնը անթոյլատրելի նկատեցին:

Անթոյլատրելի կը նկատուէր յատկապէս այն պարագան, որ քարոզիչները իրենց գործունէութիւնը կեդրոնացուցած էին բացառաբար հայերուն վրայ, եւ միւս կողմէ, ոչ մէկ իսլամ քրիստոնեայ դարձած էր:

Այս հիման վրայ կառավարութիւնը 1837-ին արգիլեց Պազէլի քարոզիչներու գործունէութիւնը, որմէ ետք անոնք Շուշիի իրենց ձեռնարկութիւնները վաճառելէ ետք հեռացան:

*
*    *

Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոս զարկ տուաւ եկեղեցաշինութեան, ինչպէս նաեւ կրթութեան ու գիտութեան զարգացման:

Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ ռուսական կառավարութեան ոտնձգութիւններուն դէմ պայքարելով, եւ ի հակադրութիւն Պոլոժենիային, ան նոր կանոնադրութիւն կազմեց, իբրեւ հիմք ունենալով հայ եկեղեցւոյ աւանդական կարգը, եւ եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը կեդրոնացնելով կաթողիկոսի ձեռքերուն մէջ:

Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը

Ներսէս Ե. Աշտարակեցիի ջանքերով վերաբացուեցան ծխական դպրոցները, որոնք հայեցի դաստիարակութեան կեդրոններ դարձան: Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը վերակառուցուեցաւ միջնակարգ դպրոցի ծրագիրով: Երեւանի թեմական դպրոցը, բացուած` 1837-ին, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, կրթական բարձրորակ հաստատութիւն դարձաւ: Երեւանի մէջ բացուեցաւ նաեւ Սուրբ Հռիփսիմէի անուան իգական վարժարանը:

Սուրբ Էջմիածնի վանքին կից ստեղծուեցաւ Ներսէս Աշտարակեցիի անուան լիճը եւ անտառը:

Շուշիի Թեմական դպրոցը բացուեցաւ 22 յունիս 1838-ին, սկիզբը` քսան աշակերտներով:

Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոս հոգեւորականի համար ծուլութիւնը աններելի յանցանք կը նկատէր: Նոյնիսկ իր հասուն տարիքին ան առտուն կանուխ արթննալով օրը կը սկսէր կարդալով ու գրելով: Պատկառելի տարիքին ան ռուսերէն սորվեցաւ: Պետերբուրգի մէջ Նիկոլայ Ա. կայսեր հետ հանդիպման ժամանակ ռուսերէն խօսեցաւ: Վորոնցովներու ընտանիքին հետ երկարատեւ կապերու իբրեւ արդիւնք ան ազատօրէն կը տիրապետէր խօսակցական ռուսերէնին, եւ անոնց ուղղուած նամակները ռուսերէն կը գրէր:

Ներսէս Աշտարակեցիի օրով, Պոլսոյ պատրիարքարանին որոշումով ամուսնացեալ քահանաներուն համար 1845-ին հաստատուեցաւ փակեղը (գմբէթաձեւ գլխարկ), որպէսզի անոնք իրենց յատուկ գլխարկը ունենան:

Ներսէս Ե. Աշտարակեցի, համոզուելով որ Ռուսաստանի հովանաւորութեան ներքին անիրագործելի երազ է հայկական ինքնավարութեան ստեղծումը, կեանքի վերջին տարիներուն աւելի զգուշաւոր դարձաւ: Ան վախճանեցաւ 13 փետրուար 1857-ին, Թիֆլիսի առաջնորդարանի գրասեղանին առջեւ: Հետագային մարմինը Էջմիածին տեղափոխուեցաւ:

*
*    *

Հադրութի սուրբ Յարութիւն եկեղեցին

Արցախի մետրոպոլիտ Բաղդասար արքեպիսկոպոս Հասան Ջալալեան հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային լայնածաւալ գործունէութիւն ծաւալեց: Ան բարձր ուսում չունէր, բայց ուսումնասէր էր: Ան հաւատացած էր որ կրթութիւնն ու գիտութիւնը ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ դուրս գալու քաղաքական ծանր վիճակէն եւ այդ համոզումով ալ Գանձասարի վանքին մէջ դպրոց բացաւ:

Սակայն Գանձասարի վանքի դպրոցը դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր: Չկային պատրաստուած ուսուցիչներ եւ դասագիրքեր: Ուսուցչութեան կը կոչուէին գլխաւորաբար դպրոցին շրջանաւարտները:

Բաղդասար արքեպիսկոպոս եւ Գանձասարի դպրոցին ուսուցիչները ծրագրեցին դպրոցական դասագիրքեր տպագրել, որուն համար անհրաժեշտ էր տպարան հիմնել:

Բաղդասար մետրոպոլիտ բաւարար գումարով ձեռք ձգեց տպագրական սարքաւորումներ եւ Շուշիի մէջ տպարան հիմնեց: Ան նաեւ Արցախի վանքերէն ձեռագիր մատեաններ հաւաքեց` նպատակ ունենալով զանոնք տպագրել Շուշիի տպարանին մէջ:

Շուշիի տպարանէն լոյս տեսան տասներկու անուն գիրքեր:

Բաղդասար մետրոպոլիտի եռանդուն գործունէութեան շնորհիւ Շուշիի մէջ զարգացաւ կրթական եւ մշակութային կեանքը:

Բաղդասար մետրոպոլիտի ջանքերով նախ վերանորոգուեցաւ Ամարասի վանքը:

Բաղդասար մետրոպոլիտի յամառ պայքարին շնորհիւ Գանձասարի վանքին, Խաթրավանքին, Սուրբ Յակոբայ, Հոռեկայ եւ Ամարասի վանքերուն վերադարձուեցան անոնցմէ բռնագրաւուած կալուածներն ու միւս սեփականութիւնները: Միայն թաթար քոչուոր ցեղերուն եւ քոլանի քիւրտերուն կողմէ բռնագրաւուած հողերուն քանակը կը կազմէր 196 հազար 438 դեսիատին, որ Դադիվանքին վերադարձուեցաւ:

Բաղդասար մետրոպոլիտ միաժամանակ ցարական իշխանութիւններուն առջեւ յարատեւ կերպով պաշտպանեց թուրք-թաթար բէկերու կողմէ ոտնահարուող իր հայրենակիցներուն իրաւունքները:

Բաղդասար մետրոպոլիտի կտակին համաձայն Շուշիի իր տպարանը Արցախի հոգեւոր ատեանին պիտի տրուէր, կամ ալ վարձակալութեան պիտի տրուէր, որուն գումարով կարելի պիտի ըլլար հոգալ Գանձասարի եւ Սուրբ Յակոբայ վանքերուն կարիքները: Գումար պիտի տրամադրուէր նաեւ կարիքաւորներուն:

Սակայն հետագային Էջմիածինէն ուղարկուած Գէորգ վարդապետ Վեհապետեան համոզեց Բաղդասար արքեպիսկոպոսը տպարանը Էջմիածնի կտակելու:

Արցախի մետրոպոլիտ Բաղդասար արքեպիսկոպոս Հասան Ջալալեան վախճանեցաւ 27 յունիս 1854-ին:

*
*    *

Յովսէփ վարդապետ Արցախեցի (Տէր Աւագեան) երկար տարիներ Գանձասարի վանքի դպրոցին ուսուցիչը եղաւ: Վանքի շրջանաւարտներէն շատեր անոր ձեռնասուններն էին:

Յովսէփ վարդապետ կը դասաւանդէր մայրենի լեզու, աստուածաբանութիւն եւ տրամաբանութիւն:

Յովսէփ վարդապետ աստուածաբան եւ փիլիսոփայ էր: Ան կը գտնէր, որ տրամաբանութեան արդիւնքները պէտք չէ հակասեն աստուածաբանութեան սկզբունքներուն: Տրամաբանութիւնը գիտութիւն է, որ կը զբաղի ոչ միայն ճշմարտութեան բացայայտումով, այլ նաեւ բացայայտուածի հիմնաւորումով: Այսինքն` անիկա կը հաստատէ ոչ միայն օրէնքներն ու կերպերը, որոնց միջոցով կը բացայայտուին նոր ճշմարտութիւններ, այլեւ անոնց ապացուցման միջոցով կը դառնան ուրիշներու սեփականութիւնը:

Յովսէփ վարդապետ 1830-ին հրատարակեց «Համառօտ բառգիրք ի գրաբարէ յաշխարհաբարն» գիրքը, 1840-ին` «Առաջին մասն փիլիսոփայութեան, որ ասի տրամաբանութիւն» գիրքը:

Յովսէփ վարդապետ Արցախեցի վախճանեցաւ Շուշիի մէջ: Անոր ծննդեան եւ վախճանման թուականները անյայտ են:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2023
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ