Քուրթուլմուշ. «Թուրք-ազրպէյճանական կապերը ռազմավարական բնոյթ ունին»

«Թրենտ» ազրպէյճանական լրատու գործակալութեան համաձայն, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ 12 յուլիսին Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կապերը ռազմավարական բնոյթ ունին:

Ան ընդգծած է, որ երկու երկիրները մշտապէս փոխադարձաբար իրարու կ՛աջակցին եւ ապագային ալ այդպէս պիտի գործեն:

Քուրթուլմուշ Պաքուի մէջ այցելած է «Նահատակներու ծառուղի» եւ Ազրպէյճանի մէջ թուրք զինուորներու յիշատակին կառուցուած յուշահամալիր:

«Թրենտ» կը նշէ, որ Թուրքիոյ մէջ մայիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք բարձրաստիճան ղեկավարները առաջին այցելութիւնները կու տան Հիւսիսային Կիպրոս եւ Ազրպէյճան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2023
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ