ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Լուրջ պատճառներ կան, թէ ինչո՛ւ աշխարհի բազմաթիւ հայեր բացասաբար արձագանգեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անխոհեմ որոշման` մասնակցելու Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան, 3 յունիս 2023-ին:
Նախ եւ առաջ` Փաշինեանին յարիր չէր մասնակցիլ Էրտողանի երդմնակալութեան, յատկապէս որ դեռ 2020 թուականին` արցախեան պատերազմի ժամանակ, թրքական անօդաչու թռչող սարքեր սպաննած էին հազարաւոր հայ երիտասարդ զինուորներ, եւ Թուրքիա հազարաւոր իսլամ ահաբեկիչներ հաւաքած էր Սուրիայէն` Արցախի դէմ կռուելու համար: Աւելի՛ն. Օսմանեան կայսրութիւնը իրականացուցած է 1,5 միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը, զոր թրքական կառավարութիւնը մէկ դար անց եւս տակաւին կը ժխտէ:
Երկրորդ` 2020-ի պատերազմէն ի վեր Թուրքիա եղած է Ազրպէյճանի ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական հաւատարիմ դաշնակիցը: Էրտողան քանի մը անգամ այցելած է Ազրպէյճան եւ Արցախ, որոնց շարքին Շուշի` հանդէս գալով հակահայկական յայտարարութիւններով: Տակաւին, 13 յունիսին Արցախ կատարած այցելութեան ժամանակ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա Շուշիի մէջ հիւպատոսութիւն պիտի բանայ: Բան մը, որ «պատգամ կ՛ըլլայ աշխարհին եւ յատկապէս Հայաստանին»: Էրտողան նման այցելութիւն մը կատարած էր 15 յունիս 2021-ին, եւ այդ ընթացքին ան Ալիեւի հետ միասին ստորագրած էր Անգարա-Պաքու միացեալ «Շուշիի հռչակագիր»-ը: Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա կը համագործակցի Ազրպէյճանի հետ «Լեռնային Ղարաբաղի վերականգնման հարցով»: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Էրտողանի եւ Ալիեւի այցը Շուշի` յայտարարելով, որ` «Այս սադրիչ գործողութիւնները պարզորոշ ցոյց կու տան, որ Անգարայի ու Պաքուի յայտարարութիւնները Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին կեղծ են ու ապակողմնորոշիչ»:
Երրորդ` Հայաստան եւ Թուրքիա վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին քանի մը անգամ հանդիպած են` բանալու իրենց ընդհանուր սահմանը «առանց որեւէ նախապայմանի»: Սակայն սահմանը դեռ փակ է, ինչ որ ցոյց կու տայ սահմանը բանալու Թուրքիոյ դժկամութիւնը, եթէ Հայաստան չկատարէ որոշակի նախապայմաններ, ինչպէս` Ազրպէյճանի հետ «խաղաղութեան պայմանագիր» ստորագրելը, Հայաստանէն Նախիջեւան «միջանցք» թոյլ տալը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թուրք կազմակերպիչներու ոչնչացման ի պատիւ` հայ վրիժառուներու նուիրուած երեւանեան յուշարձանի քանդումը: Թուրքիա անմիջապէս արգիլեց իր երկնքին մէջ հայկական թռիչքները եւ սպառնաց հետագայ քայլերով, եթէ նշեալ յուշարձանը չքանդուի:
Չորրորդ` եթէ Փաշինեան բանիմաց խորհրդականներ ունենար եւ լսէր զանոնք, անոնք պիտի առաջարկէին, որ աւելի խելամիտ բան կ՛ըլլայ, եթէ Անգարայի երդմնակալութեան արարողութեան զինք ներկայացնէ ուրիշ պաշտօնեայ մը: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում մուրալը չի բխիր Հայաստանի շահերէն:
Այսուհանդերձ, վնասը հասցուած է, եւ թուրք պաշտօնեաները բաւականաչափ խորամանկ են` օգտուելու համար Փաշինեանի սխալ քայլէն:
Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Սինան Քուզում 6 յունիսին խորամանկ նամակ մը յղեց Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովի եւ ծերակոյտի անդամներուն` արագօրէն օգտուելով 3 յունիսին Անգարա կատարած Փաշինեանի այցէն` վարկաբեկելու համար Քալիֆորնիոյ հայ-ամերիկեան կազմակերպութիւններու լոպիստական ջանքերը:
Ահա՛ հատուածներ` թրքական նամակէն. «Կը գրեմ ձեզի տեղեկացնելու համար հայ-թրքական յարաբերութիւններու դրական զարգացումներուն մասին, քանի որ տեղեակ եմ, որ դուք հետաքրքրուած էք այս հարցով` հաշուի առնելով ձեր նախկին յայտարարութիւնները: Անցեալ շաբաթավերջին պատմական պահ նկատուած է հայ-թրքական ժամանակակից յարաբերութիւններու մէջ: 3 յունիսին Հայաստանի վարչապետ պարոն Նիկոլ Փաշինեան ներկայ եղած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերընտրուելէն ետք տեղի ունեցած երդմնակալութեան արարողութեան: Վարչապետին` Անգարա կատարած այցելութեան կապուած` նախագահ Էրտողան հանդիպած է հայ-թրքական համայնքի նշանաւոր անդամներուն, անոնց շարքին` Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանին հետ: Կը կցեմ այս այցելութենէն վերցուած լուսանկար, ուր պարոն նախագահը կ՛երեւի իր հայ գործընկերոջ` պատրիարքին ու հայ-թրքական համայնքի այլ անդամներու հետ»:
Այնուհետեւ թրքական նամակին մէջ կ՛ըսուի. «Ես այս կը ներկայացնեմ ձեր ուշադրութեան, որովհետեւ կը գիտակցիմ, որ նման դրական զարգացումներ յաճախ կ՛անտեսուին: Փոխարէնը հոս` Լոս Անճելըսի եւ Քալիֆորնիոյ մէջ, կը գերակշռէ իմ երկրին հանդէպ ատելութեան հռետորաբանութիւնը: Այս ըսելով` ես կը հրաւիրեմ ձեզ մտածելու, թէ արդեօք այն, ինչ որ ձեզի կ՛ըսեն որոշ խումբեր հոս` Լոս Անճելըսի մէջ, համահո՞ւնչ է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ներկայ վիճակի իրականութեան, թէ՞ ոչ: Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւնները պատմական ջանքեր կը գործադրեն յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար: Կը խնդրեմ` աչք մի՛ փակէք այս ջանքերուն վրայ»:
Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսը իր նամակը եզրափակած է հետեւեալ խօսքերով. «Ուստի կը խնդրեմ ձեզմէ, որ այս փաստերը հաշուի առնէք ապագային, երբ դուք որեւէ յայտարարութիւն կ՛ընէք կամ որոշում կ՛ընդունիք հայ-թրքական հարցերու մասին: Այս մօտեցումը շատ աւելի նպաստաւոր կ՛ըլլայ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան հաստատման»:
Ի պատասխան արձագանգելու խնդրանքին` Հայաստանի մէջ անանուն բարձրաստիճան պաշտօնեան յայտարարեց. «Կատարեալ պատեհապաշտութիւն: Դրական զարգացում ընդհանրապէս չկայ: Բանակցութիւնները ոչ մէկ արդիւնք տուած են»:
Բարեբախտաբար Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսին նամակը շատ քիչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիրներուն վրայ: Ան պարզապէս կը գրէ այս նամակը, որպէսզի ցոյց տայ Անգարայի մէջ գտնուող իր մեծաւորներուն, որ աշխատանք մը կը կատարէ: Քալիֆորնիոյ օրէնսդիրները չեն պատրաստուիր օտարերկրեայ դիւանագէտին օձի լեզուով խօսքերը վեր դասել Քալիֆորնիա գտնուող իրենց քաղաքացիներուն փափաքներէն:
Կ՛ենթադրենք, որ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը նմանատիպ նամակ մը յղած է Քոնկրեսի անդամներուն: Աշխարհի տարբեր երկիրներու թուրք դիւանագէտները հաւանաբար նոյն բանը ըրած են իրենց երկիրներուն մէջ:
Հայերը չեն կրնար թուրք դիւանագէտները մեղադրել անոր համար, որ անոնք կ՛ընեն այն, ինչ որ ձեռնտու է իրենց երկրին, որովհետեւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան այս հնարաւորութիւնը արծաթէ սկուտեղի վրայ հրամցուցած է Թուրքիոյ…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Leave a Reply