
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Եգիպտոսի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու` դեսպաններու մակարդակին բարձրացումը յայտարարեց:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Անգարա Սալեհ Մութլուշանի թեկնածութիւնը առաջադրեց Գահիրէի մէջ իր դեսպանի պաշտօնին, եւ Եգիպտոս Օմար Համամիի թեկնածութիւնը առաջադրեց Անգարայի մէջ իր դեսպանի պաշտօնին»:
«Երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակի բարձրացումը համահունչ է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ անոր եգիպտացի պաշտօնակից Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի որդեգրած որոշումին», աւելցուց նախարարութիւնը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ նշեց. «Այս քայլին նպատակն է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել, անիկա կ՛արտացոլէ նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու հասարակաց կամքը` թուրք եւ եգիպտացի ժողովուրդներու շահերուն համահունչ»:
Leave a Reply