Արցախ` հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդ. Թաթար տիրակալներու իրաւունքներու ճանաչում եւ Ջաֆար Ղուլի խանին սանձարձակութիւնները

Իշխան Միխայիլ Վորոնցով` Կովկասի փոխարքայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ռուսական կառավարութիւնը Կովկասի թաթար կալուածատէր բէկերն ու աղաները հեղինակազրկեց եւ անոնց գիւղերն ու հողերը խլեց, այն հիմնաւորումով, որ անոնք իբրեւ պետական պաշտօնեաներ, իրենց ծառայութիւններուն դիմաց ստացած էին այդ կալուածները:

Սակայն բէկերն ու աղաները մեծ դժգոհութիւն բարձրացուցին իրենց իրաւազրկումին դէմ եւ յաջողեցան ոտքի հանել իրենց ցեղակիցները, կառավարութեան միջոցառումները բացատրելով իբրեւ ոտնձգութիւն իրենց ցեղային աւանդոյթներուն նկատմամբ:

Իր կարգին կառավարութիւնը միջոցներ ձեռք առաւ խստացնելու ոստիկանական ճնշումը: Անդրկովկասի ոստիկան զօրաց ջոկատը վերակազմուեցաւ եւ վերածուեցաւ ոստիկան զօրաց վեցերորդ բաժանմունքի:

* * *

Կովկասի փոխարքայութեան պալատը Թիֆլիսի մէջ

Այս նոյն ժամանակ` 1842-ին, տագնապալից դրութիւն ստեղծուեցաւ յատկապէս Արցախի մէջ: Բէկերն ու աղաները ամէնուրեք խռովութիւն եւ լուրեր կը տարածէին, ըսելով որ շուտով ռուս-պարսկական նոր պատերազմ պիտի սկսի:

Ղարաբաղի նախկին խան Մեհտի Ղուլի 1836-ին Պարսկաստանէն Ղարաբաղ վերադարձած էր եւ վերատիրացած իր գիւղերուն ու կալուածներուն: Ինք եւ իր Ջաւանշիր ցեղի բէկերն ու աղաները սկսած էին վերականգնել իրենց վաղեմի առանձնաշնորհումները: Ջաւանշիր ցեղը նաեւ քոչուորական ընդարձակ կենսատարածքներու տէր էր:

Արցախի հայերը երկիւղի մէջ էին եւ խուճապ ստեղծուած էր: Վախ կար որ պարսկական բանակը մէկ օրէն միւսը յարձակման պիտի անցնի եւ թաթար ցեղերը պիտի միանան անոր: Հայոց ժողովուրդին մէկ մասը փախաւ եւ Շուշիի բերդը ապաստան գտաւ, իսկ շատեր ալ լեռները ամրացան:

Սակայն շուտով յայտնի դարձաւ որ սուտ լուրեր տարածուած են, եւ ժողովուրդը հանդարտեցաւ: Բայց մինչեւ որ անոնք իրենց գիւղերը վերադառնան, թաթարներ հայոց արտերը այրեցին ու ամբողջ բերքը ոչնչացուցին:

* * *

Ռուսական կառավարութիւնը, տեսնելով որ թաթար բէկերու եւ աղաներու դիմադրութիւնը կրնայ սաստկանալ, ստիպուած զիջումներու գնաց: Թիֆլիսի մէջ կառավարական երեք յանձնախումբեր կազմուեցան: Մէկ յանձնախումբը պիտի զբաղէր բէկերու, միւս երկուքը` աղաներու իրաւունքներու ճշդման եւ նիւթական ապահովութեան խնդիրներով:

Յանձնախումբերը այն եզրակացութեան եկան որ ա) բէկերը իրենց ունեցած բնակեցուած կալուածներուն ժառանգական տէրերն են, բ) աղաները թէեւ նման իրաւունքներով չեն օժտուած, բայց իբրեւ գիւղերու ժառանգական կառավարիչներ, իրաւատէր են որոշ եկամուտներու, եւ գ) ռուսական իմաստով ճորտական կարգ իսլամական գաւառներուն մէջ չէ եղած:

Յանձնախումբերը այն եզրակացութեան եկան, որ բէկերն ու աղաները հնարաւոր է իրենց իրաւունքներուն մէջ իրաւահաւասար ճանչնալ, որովհետեւ անոնք համանուն իրաւունքներով եւ արտօնութիւններով կ՛օգտուին:

* * *

Ռուսական բանակի գնդապետ, Մեհտի Ղուլի խանի եղբօրորդի Ջաֆար Ղուլի խան Ջաւանշիր մեծ հողատէր էր, քաղաքականօրէն` ազդեցիկ: Ժամանակ մը ռուսերուն հակադրուելով Պարսկաստան անցած, յետոյ վերադարձած եւ Սիմպիրսք աքսորուած էր, այնուհետեւ Պետերբուրգ տարուած եւ 1830-ին Ղարաբաղ վերադարձած էր:

Ջաֆար Ղուլի խանի բռնութիւններուն եւ պարտադրած ծանր տուրքերուն տակ կքած Բանաձոր գիւղի հայերը խնդրեցին թեթեւցնել հողատիրութեան պայմանները:

Բանաձորցիներուն կողմէ Ջաֆար Ղուլի խանին ներկայացաւ գիւղի Տէր Մինաս քահանայ Միրզաբէկեան: Խանը սաստիկ բարկացաւ իր հպատակի յանդգնութեան դէմ եւ հրամայեց քահանային վրայի փիլոնը հանել եւ շան հագցնել: Յետոյ խանը քահանային հետ եղող գիւղացիներուն պարտադրեց երկրպագել շանը:

Բանաձորցիներուն քայլը ռուսական կառավարութեան կողմէ նկատուեցաւ ապստամբութիւն: Ոստիկանութիւնը Բանաձոր ներխուժեց` ապստամբները պատժելու համար: Գիւղացիք իրենց տունն ու տեղը ձգելով լեռները փախան:

Ի վերջոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալեց գիւղին երեւելիները եւ զանոնք դատի քաշեց: Տէր Մինաս քահանայ ծանր պատիժներու ենթարկուեցաւ:

* * *

Մեհտի Ղուլի եւ Ջաֆար Ղուլի խաներէն ետք, Ջաւանշիրներու ցեղին մէջ մեծ հեղինակութիւն էր Միրզա Ջամալ Ջաւանշիր (1773-1853): Անոր ընտանիքը Ջաւանշիրներու Հաճիլի ճիւղէն էր: Հաճիլիները Դիզակի ժառանգական նայիպներն էին եւ հետագային Շուշի փոխադրուած էին: Միրզա Ջամալ Ջաւանշիր հեղինակն է «Ղարաբաղի պատմութիւն» (Թարիխ է – Ղարաբաղ) աշխատութեան:

«Ղարաբաղի պատմութիւն»-ը գրուած է պարսկերէն լեզուով եւ սկզբնաղբիւրի արժէք կը ներկայացնէ Ղարաբաղի խանութեան, ինչպէս նաեւ Ջաւանշիր ցեղին եւ Արցախի հայ մելիքներուն միջեւ երկարատեւ պայքարներու ուսումնասիրութեան իմաստով: Գիրքը յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ յատկապէս այն իմաստով որ նոյնինքն թաթար խանական տոհմի ականաւոր ներկայացուցիչը կը հաստատէ բնիկ հայերու տիրական ներկայութիւնը Արցախի մէջ:

«Թարիխ է – Ղարաբաղ»-ի ձեռագիրը Պաքուի մէջ, Ազրպէյճանի ազգային գիտութիւններու ակադեմիայի կեդրոնին մէջ պահուած է: Անիկա ռուսերէնի թարգմանուած եւ «Քաւքազ» թերթին մէջ հրատարակուած է 1855-ին, հետագային հրատարակուած է ռուսերէն եւ թաթարերէն (ազրպէյճաներէն): Իսկ 1989-ի ազրպէյճանական հրատարակութեան մէջ հայութեան վերաբերեալ բաժինները զեղչուած են:

* * *

Թաղավարդ, Վարանդա գետի ափերուն, բաժնուած է երկու հատուածի` Վերին (Բուն) Թաղավարդ եւ Ներքին Թաղավարդ (Կալեր): Քիչ հեռու Զարդանաշէնն է` Վարանդա գետի աջափնեայ անտառախիտ լերան լանջին: Շրջանին հողատէրն էր Յովսէփ բէկ Մադաթեան:

Յովսէփ բէկի բռնութիւններուն դէմ բողոքելով, գիւղացիք մերժեցին կատարել անոր պահանջները: Ոստիկանութիւնը միջամտեց ի պաշտպանութիւն Մադաթեանի, եւ քանի մը գիւղացիներ ձերբակալուեցան: Ձերբակալուածներէն մէկը վախէն մահացաւ:

Տէր Օհան քահանայ Տէր Բարսեղեան երբ մահացողին վերաբերեալ տեղեկութիւն փոխանցեց, գիւղացիք խռովութիւն բարձրացուցին: Յովսէփ բէկ կրկին ոստիկանութեան օգնութեան դիմեց: Տէր Օհան քահանայ յայտարարուեցաւ խռովարար եւ ապստամբութեան պարագլուխ, եւ շարք մը գիւղացիներու հետ ձերբակալուեցաւ եւ մէկ տարուան ժամկէտով Թիֆլիս աքսորուեցաւ:

* * *

Յովհաննէս Ը. Կարբեցի կաթողիկոս 1841 նոյեմբերին անկողին ինկաւ եւ քանի մը ամիս քարի հիւանդութեան ցաւերով տառապելէ ետք 26 մարտ 1842-ին վախճանեցաւ: Մարմինը Մայր տաճարին դրան առջեւ, զանգակատան հիւսիսային կողմը ամփոփուեցաւ:

Հայ ժողովուրդը հայրենիքի եւ գաղթօճախներուն մէջ յաջորդ կաթողիկոս կը տեսնէր միայն մեծ հայրենասէր Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցին, որ իբրեւ «պատուաւոր» աքսորական Պեսարապիա նետուած էր:

Սուրբ Էջմիածնի մէջ 1843-ի Զատկի ճրագալոյցին, 17 ապրիլին տեղի ունեցաւ կաթողիկոսական ընտրութիւն եւ քսանվեց պատուիրակներուն կողմէ Ներսէս Աշտարակեցի, իբրեւ Ներսէս Ե., ընտրուեցաւ կաթողիկոս ամենայն հայոց:

Նիկոլայ Ա. կայսր հաստատեց ընտրութիւնը: Ընտրեալ կաթողիկոսը յունիսի սկիզբը Քիշնեւէն ճամբայ ելաւ եւ երեք շաբաթէն Պետերբուրգ հասաւ ու Լազարեաններուն ապարանքը հիւրընկալուեցաւ: Կայսերական ունկնդրութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 28 նոյեմբեր 1843-ին:

Ձմրան եղանակին Պետերբուրգէն Էջմիածին ուղեւորութիւնը անյարմար նկատելով, կայսրը հրամայեց որ ընտրեալ կաթողիկոսը ձմեռը Պետերբուրգ մնայ եւ գարնան մեկնի իր աթոռը:

Ներսէս Աշտարակեցի 1744 մայիսին Պետերբուրգէն ճամբայ ելաւ եւ Մոսկուայէն, Քիշնեւէն, Նոր Նախիջեաւնէն, Թիֆլիսէն ու Երեւանէն անցնելէ եւ ամէնուրեք ջերմ ընդունելութեան արժանանալէ ետք հասաւ Էջմիածին:

Կաթողիկոսական օծումը տեղի ունեցաւ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին օրը, 9 յունիս 1846-ին:

* * *

Իշխան Միխայէլ Սեմիոնովիչ Վորոնցով նափոլէոնեան պատերազմի հերոսներէն էր: Այնուհետեւ եղած էր Նովոռոսիոյ (ներկայ հարաւային Ուքրանիա) կառավարիչ եւ մասնակցած էր ռուս-թրքական 1828-1829-ի պատերազմին: 1844-ին ան Կովկասի փոխարքայ եւ ընդհանուր հրամանատար նշանակուեցաւ:

Նոյն ժամանակ Անդրկովկասի կառավարման գլխաւոր խորհուրդը որոշում կայացուց գաւառական դատարաններու եւ գաւառական կառավարման վերակազմակերպման վերաբերեալ: Այս որոշման հիմամբ Ղարաբաղի գաւառին մէջ դատական համակարգը եւ գաւառական կառավարումը վերակազմաւորուեցան:

Կասպեան մարզի իւրաքանչիւր շրջանի զինանշաններու, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի գաւառի զինանշանի հաստատումը քաղաքացիական կառավարման առաջին գործողութիւններէն մէկը եղաւ:

Այդ զինանշանները կազմած էր գերմանացի զինանշանագէտ Գուգօ Շտրիոլ:

Ղարաբաղի զինանշանին վերի կողմը, ոսկեզօծ դաշտի վրայ կանգնած է վագրը, իսկ կողքին` հողէն դուրս եկող երեք լուսեղէն սիւն, վարի կողմը` կանաչ դաշտի վրայ սլացող ձի, որ կը խորհրդանշէ թէ գաւառին մէջ ամենալաւ տեսակի ձիեր կը բուծանուին:

Իշխան Միխայիլ Վորոնցով

Ռուսական կառավարութիւնը Կովկասի մէջ պետութեան հեղինակութիւնը ամրապնդելու, ապստամբական վիճակի մէջ գտնուող չեչէն, լեզգի եւ տաղստանեան շարք մը ցեղերը ճնշելու համար որոշեց նոր միջոցներու դիմել, որոնք պիտի իրագործէր իշխան Միխայիլ Վորոնցով:

Վորոնցով մեծ լիազօրութիւններով օժտուած էր: Անոր վերապահուած էր, նախարարներէն եւ նախարարութիւններէն անկախ, տեղական բազմապիսի հարցերու լուծումը:

Վորոնցով, ազգային խայտաբղէտ կազմ ունեցող եւ զարգացման տարբեր աստիճաններու վրայ գտնուող ժողովուրդներով բնակեցուած Կովկասի իւրայատկութիւններէն մեկնելով միջոցառումներ ձեռք առաւ: Այսպէս, հայերով ու վրացիներով, մասամբ նաեւ թաթարներով բնակեցուած շրջաններու մէջ քաղաքացիական վարչութիւններ հիմնուեցան, մինչդեռ Օսեթիոյ, Գուրիայի եւ կարգ մը այլ շրջաններու մէջ կառավարման գործը ռազմա-քաղաքական վարչութիւններուն, իսկ լեռնականներով բնակեցուած շրջաններուն մէջ` ռազմական վարչութիւններուն յանձնուեցաւ:

Ռուսական կառավարութիւնը 14 դեկտեմբեր 1846-ին Անդրկովկասը վարչական նոր բաժանման ենթարկեց: Այսպէս, ստեղծուեցան չորս նահանգներ` Թիֆլիսի, Քութայիսի, Շամախիի եւ Դերբենդի: Երեւանի, Նախիջեւանի եւ Ալեքսանդրապոլի գաւառները մտան Թիֆլիսի նահանգի կազմին մէջ: Զանգեզուրն ու Ղարաբաղը, Շուշիի Ուեզդ վերանուանումով, Շուշի վարչական կեդրոնով, մտաւ Շամախի նահանգին մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2023
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ