Արա Կիւլէրի լուսանկարներու ցուցահանդէս Ամսթէրտամի մէջ

Անատոլու գործակալութիւնը կը հաղորդէ որ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի լուսանկարչական ցուցահանդէսի մը բացումը կատարուած է Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթէրտամի մէջ։ Ցուցահանդէսը կը կրէ «Արա Կիւլէր. լոյսի ու ստուերի խաղը» խորագիրը։

Այս ձեռնարկը համատեղ միջոցառում մըն է եւ կազմակերպուած է «Ֆոամ լուսանկարչական թանգարան»ի, «Արա Կիւլէր թանգարան» եւ «Փոլատ աշխատանոց»ին կողմէ։

Ցուցահանդէսի համակարգողներէն Եասէմին Պաղճը յայտնեց որ ասիկա Արա Կիւլէրի աշխատանքներուն նուիրուած ամենամեծ ցուցահանդէսն է, որ կը կազմակերպուի Նիտերլանտներու մէջ եւ կը ներառնէ այն աշխատանքները, որոնք առաջին անգամ կը ցուցադրուին, նաեւ տեղ տրուած է Կիւլէրի այն ստեղծագործութիւններուն, որոնք իր այցեքարտը դարձած են աշխարհի մէջ։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-1/270623lu.html

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2023
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ