
Անգարան ու Պաքուն մտադիր են միասնաբար վերահսկել Եգէական ծովէն մինչեւ Կասպից աւազան օդային տարածքը: «Սփութնիք Պլիժնէյէ Զարուպեժիէ» թելեկրամեան ալիքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ղեկավար Հալուք Կէօրկիւնը:
«ՀԱՔԻՄ Էր Քոմենտ էնտ Քոնթրոլ Սիսթըմ» նախագիծը, անոր համաձայն, երկու երկիրներուն պիտի արտօնէ արդիւնաւէտօրէն իրականացնել գործնական առաջադրանքներ` կալանիչ օդանաւերու, անօդաչու թռչող սարքերու, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու եւ փողային զէնքի համակարգերու օգնութեամբ:
Երկու երկիրները նաեւ պիտի օգտագործեն սպառնալիքներու գնահատման ընդհանուր հրամանաշարեր:
Leave a Reply