Անգարան եւ Պաքուն մտադիր են միասնաբար վերահսկել Եգէական ծովէն մինչեւ Կասպից աւազան օդային տարածքը

Անգարան ու Պաքուն մտադիր են միասնաբար վերահսկել Եգէական ծովէն մինչեւ Կասպից աւազան օդային տարածքը: «Սփութնիք Պլիժնէյէ Զարուպեժիէ» թելեկրամեան ալիքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ղեկավար Հալուք Կէօրկիւնը:

«ՀԱՔԻՄ Էր Քոմենտ էնտ Քոնթրոլ Սիսթըմ» նախագիծը, անոր համաձայն, երկու երկիրներուն պիտի արտօնէ արդիւնաւէտօրէն իրականացնել գործնական առաջադրանքներ` կալանիչ օդանաւերու, անօդաչու թռչող սարքերու, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու եւ փողային զէնքի համակարգերու օգնութեամբ:

Երկու երկիրները նաեւ պիտի օգտագործեն սպառնալիքներու գնահատման ընդհանուր հրամանաշարեր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2023
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ