Ազրպէյճանցիները աւերած են Հալիվորի կամուրջը. հերթական մշակութային վանտալութիւնը

«Կովկասի ժառանգութեան մշտադիտարկում» (“Caucasus Heritage Watch”) կայքը հրապարակած է տիեզերական լուսանկարներ, ուր կ՝երեւի, որ ազրպէյճանցիները աւերած են Հալիվորի կամուրջը։

Հալիվորի կամ Հալեւորի կամուրջը կը գտնուի Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղէն 2քմ հարաւ-արեւմուտքԻշխանագետի վրայ: Համաձայն կամուրջի հոսքընթաց ճակատին ագուցուած քարին վրայ փորագրուած եւ ցարդ պահպանուած շինարարական 7 տողանի արձանագրութեան կառուցուած է 1835թ.:

Անիկա Իշխանագետի եւ անոր վտակներուն վրայ կառուցուած 6 կամուրջներէն մէկն է, որոնցմէ չորսը անխափան կը պահպանուին եւ կը գործեն:

Հալիվորի կամուրջը կարծես Իշխանագետի կանաչ գօտին ըլլայ: Իրականութեան մէջ այդ գօտին Մեծ Թաղերի տարածքը գետի վրայէն կը կապէ Տումի գիւղի տարածութեան հետ: Միակամար, կիսագլանաձեւ թաղով ծածկուած կամուրջը իրար կապած է ժայռոտ ձորափերը: Անիկա ունի 20 մեթր երկարութիւն, 3 մեթր լայնք եւ 9 մեթր բարձրութիւն:

Կամարային բացուածքին լայնութիւնը կը կազմէ 9 մեթր: Շինարարական կիսաեղծ արձանագրութիւնը կը գտնուի հիւսիս-արեւմտեան խելի պատին ագուցած արձանագրութեան մէջ, ուր գրուած է. «Յիշատակ է /կամուրջս Յարու/ թիւն որդի Գեւ/ որքի, շինեցի իմ /ծնողաց, ով անցնի/ ա /աստուած ողորմի ասի, /ՌՄՁԴ /1835թ./»:

Անհրաժեշտ է նշել, որ այս կամուրջը իր կառուցուածքով եւ դիրքով կը տարբերի միւսներէն: Տարածքէն մեկնելով` նոր կամուրջը կառուցուած է այնպէս, որ Մեծ Թաղերի կողմէ կամուրջին խելը մօտ երկու մեթր ցած է հանդիպակաց կողմի խելէն: Կառուցուած է որձաքարի խոշոր եւ մանր անտաշ բեկորներէն, ամուր կրաշաղախով:

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2023
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ