Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած բժիշկ Գասպար Կարոյեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Գասպար Կարոյեան

Aztagdaily.com- Ծնած է Խարբերդ  գաւառի Փերչենճ գիւղը, 1884-ին: Զաւակն է Մկրտիչ Կարոյեանի, որ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերէն:

Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի նախակրթարանին մէջ:

1895-ին մազապուրծ փրկուած է կոտորածէն: Հայրը զինք տարած է Խարբերդ նահանգի Մեզիրէ քաղաքի ֆրանսացի քափուչին հայրերու որբանոցը, ուր շարունակած է ուսումը: Այնուհետեւ միջնակարգ ուսումը ստացած է նոյն հաստատութեան քոլեճին մէջ: 1900-ին աւարտած է քոլեճը եւ շրջան մը պատմութեան, հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչի պաշտօնը վարած է այդ դպրոցին մէջ: Ապա ուսանած է Վենետիկի մէջ:

1910-1914 ուսանած է Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ ֆրանսական համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ: Զինակոչուած է օսմանեան բանակ եւ ծառայած է Սուրիոյ եւ Պաղեստինի շրջաններուն մէջ` իբրեւ օգնական բժիշկ: Օսմանեան բանակին մէջ, իր հայրենակից պաշտօնակիցներուն պէս, անցած է բազմաթիւ վտանգներէ: Բանակի բժշկական մտահոգութիւններով տարուած` ենթարկուած է բազմաթիւ սպառնալիքներու ու դաւադրութիւններու. հրաշքով փրկուած:

Մեզիրէ, 1900. քափուչիններու ֆրանսական քոլեճին առաջին շրջանաւարտները: Ոտքի, ձախէն աջ` Նշան (հետագային տէր Վահրամ) Նահիկեան, Յովհաննէս Շիրվանեան, Մելքոն Սամուէլեան, Գասպար Կարոյեան: Նստած` քոլեճին տնօրէն Ֆրեր Ֆերտինանտ:
Գասպար Կարոյեան` քափուչիններու ֆրանսական քոլեճէն շրջանաւարտ, 1900

Պաղեստինի ճակատին վրայ գերի ինկած է անգլիական բանակին ձեռքը, սակայն Եգիպտոսի հայոց առաջնորդարանին միջամտութեամբ ազատ արձակուած է: Շրջան մը ծառայած է Կիպրոսի մէջ` բուժելով թուրք ռազմագերիներ:

1918-ին, պատերազմին աւարտէն ետք, անցած է Պէյրութ եւ ուսումը շարունակած նոյն` Սեն Ժոզեֆ ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժինէն ներս: 1919-ին աւարտած է համալսարանը եւ ստացած` բժշկական վկայական: Մեկնած է Փարիզ ու մասնագիտացման դասընթացքի հետեւած` առաջատար բժշկական հաստատութիւններու մէջ:

1919-20 տարիներուն աշխատած է Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: 1920-ի օգոստոսին անցած է ԱՄՆ ու հաստատուած է Մասաչուսեց նահանգի Պոսթըն քաղաքը: Հոն աշխատանքի համար քննութիւնները անցընելէ ետք, գործած է իբրեւ բժիշկ` իր սեփական դարմանատան մէջ: Շուտով վայելած է շրջապատին սէրն ու յարգանքը:

Մօտէն հետեւած է ազգային-հասարակական կեանքին: Պոսթընի «Հայրենիք» թերթին մէջ գրած է բժշկական, գիտական, գրական, հանրային, քաղաքական բազմաթիւ յօդուածներ:

Բժիշկ Կարոյեան` իբրեւ մասնակից եւ ականատես Հայոց ցեղասպանութեան  ու մանաւանդ իբրեւ վերապրող, ուզած է թուղթին յանձնել իր յուշերը, տեսածն ու լսածը` մարդակերպ գազան թուրքերու կատարած զազրելի ոճիրներուն եւ բարբարո-սութիւններուն մասին:

Երկար տարիներու աշխատանքին արդիւնքը` իբրեւ ազգային պարտականութիւն, հրատարակած է «Մեծ եղեռնի նահատակ բժիշկները» արժէքաւոր գիրքը, 1957-ին: Ան  իր գիրքին մէջ ըսած  է. «Պատմական ծաղկաքաղ մը ըրի հայ թէ օտար հեղինակներու սակաւաթիւ նորագոյն հրատարակութիւններէն, որոնց վրայ աւելցուցի խոնարհաբար իմ անձնական յուշերս, հայ տարագիրներէ քաղած տեղեկութիւններս` իբրեւ նախկին զինուորական բժիշկ մը Ճեմալ փաշայի  բանակին եւ իբր ականատես մը 1916 յուլիսին դէպի Սուէզ գերման-թրքական երկրորդ ձախող արշաւանքներուն»:

Տիրապետած է հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն լեզուներուն:

Բժիշկ Գասպար Կարոյեան մահացած է Պոսթըն, 17 յունիս 1957-ին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք:

—————–

Աղբիւրներ

  1. Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ Կարոյեան Գասպար, «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին» , Մոնրէալ, 2018:
  2. Կարոյեան, Գասպար, բժիշկ, մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկներ, Պոսթըն, 1957:
  3. Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «ՕսմանԵան կայսրութիւնում, Թուրքիայի հանրապետութիւնում եւ յարակից տարածքներում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, համառօտ կենսագրական բառարան», Երեւան, 2014
  4. «Յուշամատեան«, Խարբերդ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2023
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ