Էրտողան. «Մեր նպատակը Եւրոպայէն մինչեւ Սեւ ծով, Կովկասէն մինչեւ Միջին Արեւելք անվտանգութեան եւ խաղաղութեան գօտի ձեւաւորելն է»

Թուրքիոյ ընտրական մարաթոնի յաղթողը ժողովրդավարութիւնն ու թուրք ժողովուրդն էր: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ վերընտրուած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` խօսք արտասանելով Անգարայի մէջ Թուրքիոյ Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան եւ սակարաններու պալատներու ընկերակցութեան նիստի ընթացքին:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած են մայիսի ընտրութիւններուն: «Ընտրութիւններուն անվիճելի յաղթող կը նկատեմ իւրաքանչիւր քաղաքացի, որ կը հաւատայ Թուրքիոյ ազգային կամքին եւ ապագային, իւրաքանչիւրին, որ ինքզինք այս հողին մաս կը նկատէ: Անատոլուի բնակիչներու իմաստութիւնը կրկին իշխեց «քաղաքականութեան երկրաչափերուն»: Ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կիրարկումով Թուրքիոյ ընթացքին վրայ ազդելու փորձերը յաջողութեամբ չպսակուեցան», ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը:

Էրտողան անդրադարձած է աշխարհաքաղաքական հոլովոյթներու նիւթին, ինչպէս նաեւ անոնց ազդեցութեան այն շրջանին վրայ, ուր կը գտնուի Թուրքիան: «Մեր նպատակն է «անվտանգութեան եւ խաղաղութեան գօտի» ձեւաւորել Եւրոպայէն մինչեւ Սեւ ծով, Կովկասէն մինչեւ Միջին Արեւելք», ըսած է ան:

Թուրքիոյ ղեկավարը նշած է, որ պիտի շարունակէ եռանդուն միջնորդական ջանքերը Ուքրանիոյ տագնապը լուծելու համար:

Էրտողան վստահեցուցած է, որ իշխանութիւնները բոլոր ջանքերը պիտի գործադրեն` Թուրքիոյ խնդիրներու լուծման ընդհանուր ռազմավարութիւն մշակելու համար:

Թուրքիոյ նախագահը գործարար համայնքի ներկայացուցիչները յորդորած է հաւատալ Թուրքիոյ տնտեսութեան հզօրութեան եւ խուսափիլ բացասական բեմագրութիւններէն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2023
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ