
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանը հեղինակած է «Աւետեաց Երկրի տեսիլքով» գիրքը։ Այս մասին կը հաղորդեն Տաւուշի թեմէն։
Գիրքը պարզ եւ անկեղծ զրոյցներու շարք է մեր այսօրուան դառն իրականութեան եւ գողցուած ուրախութեան ժամանակաշրջանին թէ՛ մեր անցած ճանապարհի եւ թէ՛ մեր ընելիքներուն մասին՝ հիմնուած Աստուածաշունչի կենդանի ապրող պատգամին եւ մեր ժառանգութեան վերլուծութեան վրայ:
Գիրքին մէջ կ՝ուրուագծուին մեր իսկատիպ նկարագիրը, բացառիկ ինքնութիւնը եւ կը մղեն մեզ ապրելու Աւետեաց Երկիրը կառուցելու տեսիլքով, որ բոլորիս երազանքն ու ձգտումն է:
Աւետեաց Երկիրը մեր բոլոր իղձերուն եւ ձգտումներուն, երջանկութեան եւ անսպառ ուրախութեան մեծ տունն է, որ կառուցելու ճանապարհին մէջ կոչուած է ըլլալու իւրաքանչիւր հայ՝ իբրեւ առանձին անձ, եւ իբրեւ հաւաքականութիւն՝ ազգ, ժողովուրդ:
Բագրատ Սրբազանի «Աւետեաց Երկրի տեսիլքով» գիրքին շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 29-ին, ժամը 16։00-ին, Հայաստանի Գրողներու Միութեան Կլոր սրահին (ք․ Երևան, Բաղրամեան 3)։
Yerakouyn.com
Leave a Reply