
Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ վերջինիս կողմէ ձևավորված «Արդարութեան միացեալ նախաձեռնութիւն» բազմացեղ միաւորման հետեւողական ջանքերուն իբրեւ արդիւնք՝ Մայիս 11-ին Աւստրալիոյ Թասմանիա նահանգի խորհրդարանը ճանչցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը։ Այդպիսով Թասմանիան դարձաւ աւստրալիական երրորդ նահանգը, որ Նոր Հարաւային Ուէլս եւ Հարաւային Աւստրալիա նահանգներէն ետք կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Համապատասխան օրինագիծը նահանգային խորհրդարանի քննարկման ներկայացուած է խորհրդարանական Լառա Ալեքսանդրի կողմէ՝ արժանանալով խորհրդարանի իշխանական եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու մեծ աջակցութեան՝ տարբեր քաղաքական խումբերէ ու կուսակցութիւններէ։
Ներկայացուած բանաձեւի միաձայն ընունման ներկայ եղած են տեղի հայ, յոյն եւ ասորի համայնքներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի Սիտնիի գրասենեակին ներկայացուցիչները։
Մեկնաբանելով բանաձեւին ընդունումը՝ Հայ Դատի Աւստրալիոյ գրասենեակի տնօրէն Միքայէլ Քոլոքոսեան նկատած է․ «Ողջունելի է այս պատմական բանաձեւին ընդունումը, մենք շնորհակալ ենք նախաձեռնութեան կողմնակիցներուն եւ բոլոր անոնց որոնք կ՝աշխատէին գուլիսներու ետին ու ողջ խորհրդարանին, որ պաշտպանեց այս բանաձեւը։ Այս բանաձեւին իմաստը ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշելն է, այլ նաեւ ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը թոյլ չտալը»։
Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատիլ Աւստրալիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հասնելու եւ առհասարակ հայութեան շահերուն պաշտպանութեան ուղղութեամբ։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
12.05.2023 թ.
http://yerakouyn.com
Leave a Reply