Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ` լիբանանեան 12 կուսակցութիւններու երիտասարդներ եւ ուսանողներ ներկայ գտնուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հանդիպումի մը

Կազմակերպութեամբ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ), շաբաթ, 29 ապրիլ 2023-ին Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հանդիպում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան 12 կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։

Հանդիպումին նպատակն էր ներկաներուն մօտէն ծանօթացնել Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութեան ակումբի սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

ԶՈՄ-ի խօսքը արաբերէնով արտասանեց Կարէն Պոյաճեան, որ նշեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը հասնելէ ետք Լիբանան չապրեցաւ գաղթականի նման, այլ իր աշխատասիրութեամբ եւ ճակտի քրտինքով մաս կազմեց Լիբանանի տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային բարգաւաճման` լիբանանեան շուկաներուն, արհեստներուն եւ արուեստին մէջ ունենալով իր կարեւոր կշիռը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ անոնց ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան համար, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց համախմբուելու` իբրեւ երիտասարդութիւն միասնաբար յաղթահարելու երիտասարդներուն դէմ ծառացող բոլոր դժուարութիւնները:

Ապա օրուան պատգամախօս, Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան ներկաներուն համապարփակ տեղեկութիւններ տուաւ Ցեղասպանութեան մասին` անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան կանխամտածուած ըլլալու իրողութեան:

Ապա ներկաները առիթը ունեցան իրենց հարցումները եւ զօրակցական խօսքերը ուղղելու:

Հանդիպումին երկրորդ բաժինով ներկաները ՀՅԴ ակումբէն ուղղուեցան դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, ուր անոնց տրուեցան անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները թանգարանի ընդհանուր վարիչ Գրիգոր Ալոզեանի կողմէ:

Աւարտին ներկաները առիթը ունեցան իրենց տպաւորութիւնները արձանագրելու թանգարանի յուշամատեանին մէջ, ինչպէս նաեւ` ապրումները կիսուելու ԶՈՄ-ականներուն հետ:

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2023
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ