
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Միջազգայնագէտ-ճափոնագէտ Աննա Վարդանեան եւ դասախօս Աւետիք Յարութիւնեան ներկայացուցած են յօդուած` ճափոնցի իրաւաբան, միջազգայնագէտ Հիրոյոսի Սեգաւայի` հայերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գործունէութեան մասին: Սեգաւան առաջին ճափոնցին է, որ խորապէս ուսումնասիրած է Հայոց ցեղասպանութիւն նիւթը եւ ներկայացուցած սեփական հետազօտութեամբ` ճափոներէնով:
Գնահատելի է, որ հեղինակը ուսումնասիրութիւնը կատարած է անաչառ, վերլուծած է զայն իրաւագէտի տեսանկիւնէ եւ կոչած է իրողութիւնները իրենց անուններով` Ցեղասպանութիւն: Փրոֆեսէօր Հիրոյոսի Սեգաւան մասնագիտութեամբ եղած է իրաւագէտ, ուսումնասիրած է միջազգային իրաւունք: Դոկտորականը աւարտելէ ետք երկար ժամանակ անոր հետաքրքրութեան առարկան եղած է «Ցեղասպանութեան նախապայմանները» նիւթը: Մօտաւորապէս քառասուն տարի առաջ` 1980-ական թուականներուն, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան արխիւներուն մէջ հեղինակը ուսումնասիրելով ցեղասպանութիւններու մասին նիւթեր` գտած է «1915 թուականի հայերի ցեղասպանութիւնը» վերնագրով նիւթ մը, որ հիմք հանդիսացած է անոր այս նիւթին հանդէպ առանձնայատուկ ուշադրութեան եւ հետագայ նուիրումին:
Անծանօթ ըլլալով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան` Սեգաւան սկսած է մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ կատարել: Հեղինակը նշած է, որ այդ տարիներուն Ճափոնի մէջ Հայաստանի մասին, առաւել եւս Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթեր գրեթէ չեն եղած: Այդ մասին Սեգաւան գրած է. «Որքան կը կարդայի, այդքան աւելի կը հասկնայի նիւթին կարեւորութիւնը, եւ սարսափով կը լեցուէի որոշ նիւթեր կարդալու ժամանակ, բայց հետզհետէ աւելի կը շատնար հետազօտելու փափաքս»: Սեգաւայի մէջ տարբեր հարցեր կը յառաջանային, օրինակ` ինչո՞ւ Ճափոնի դպրոցներու բարձր դասարաններուն աշխարհի պատմութիւնը դասաւանդելու ժամանակ ոչինչ կը պատմուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին, իսկ հրեաներու ցեղասպանութիւնը ներկայացուած է բաւականին ծաւալուն: Ան կը կարծէ, որ այդ իրավիճակը չ՛արդարացուիր ո՛չ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն քանակով, ո՛չ ալ յանցանքի վաղեմիութեամբ:
Ամէն պարագային, բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար, այս իրողութեան մասին տեղեկանալէն ի վեր, մարդկութեան հանդէպ պատասխանատուութեան զգացումով դրդուած, Սեգաւան որոշած է իր վրայ վերցնել հայերուն ապրած ողբերգութեան մասին անտեղեակ ճափոնցիներուն աչքերը բանալու պարտականութիւնը:
Այն երկու տասնամեակները, որոնց ընթացքին հետազօտողը զբաղած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւններով, երկար եւ դժուարին ճանապարհ եղած է: Ճափոնի մէջ ան քննադատութեան ենթարկուած է իր գործընկերներուն կողմէ, որոնցմէ ոմանք պնդած են, որ այդ հետազօտութիւնները անիմաստ են: Երկար ժամանակ անոր աշխատանքները չեն արժանացած ճափոնցի գիտնականներու ուշադրութեան, բայց 2004 թուականին լոյս տեսած եւ մեր կողմէ գրախօսուող «Հայերուն մոռցուած ցեղասպանութիւնը. հետազօտութիւն եղեռնագործութեան կանխման եւ պատիժի մասին» գիրքը մեծ տարածում գտաւ ո՛չ միայն Ճափոնի, այլեւ Հայաստանի մէջ:
Վերոյիշեալ գիրքի գրախօսման հիմնական նպատակը մասնագիտական լսարանի ուշադրութիւնը հրաւիրելը եղած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող ճափոնցի գիտնականին կատարած արժէքաւոր աշխատութեան մասին, որովհետեւ գիրքին հայերէն թարգմանութենէն եւ տպագրութենէն անցած է մօտաւորապէս 18 տարի, եւ կարիքը կար զայն վերաարժեւորելու:
Սեգաւայի ուսումնասիրութեան մասին հայկական կողմը արձագանգած է պետական մակարդակով: 2004 թուականին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ Սեգաւայի գիրքը ճափոներէնով առաջին անգամ ներկայացուած է` իբրեւ Ճափոնի մէջ առաջին աշխատութիւն Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Նոյն տարին փրոֆեսէօրը պարգեւատրուած է վարչապետի յուշամետալով` ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ մեծ աւանդին համար, Հայաստանի 2-րդ նախագահին` Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ արժանացած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշամետալին:
Ուսումնասիրելով եւ ներկայացնելով բազմաթիւ փաստաթուղթերէ տուեալներ` Սեգաւան յստակօրէն ապացուցած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը եղած է ծրագրուած, մանրակրկիտ մշակուած եւ իրագործուած: Նշուած գործողութիւններուն միջոցով Թուրքիոյ բանակը կոտորած է հայ սպաները, զինուորները, առաջնորդները եւ 15 տարեկանէն մեծ տղամարդիկը: Հետեւաբար Թուրքիոյ տարածքին` իբրեւ հայեր, մնացած էին միայն կիներ, երեխաներ, մեծահասակներ եւ հիւանդներ, որոնք մեծ վտանգ չէին ներկայացներ:
Սեգաւան նշած է. «Մեր սերունդը, որ կ՛ապրի 21-րդ դարուն մէջ, Հայոց ցեղասպանութիւնը չկանխելուն, ի սկզբանէ անոր հիւանդ արմատները չկտրելուն համար, միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը կրելով, պէտք է ուղղակի կերպով դիմէ ներկայ Թուրքիոյ կառավարութեան` Ցեղասպանութեան յանցագործութեան փաստը ընդունելու պահանջով եւ անուղղակի կերպով դիմէ ՄԱԿ-ի հեղինակաւոր անդամներուն` միջպետական եւ ներպետական հարթակներու վրայ մարդու իրաւունքի մասին գիտելիքներու մակարդակը բարձրացնելու նախագիծ ծրագրելու առաջարկով, որպէսզի այնտեղ յստակ համոզում յառաջանայ, որ ցեղային զտումներու նախանշանները տեսնելու ժամանակ պէտք է մարդասիրական միջամտութեան սկսիլ, եւ անկէ կարելի չէ հրաժարիլ: Այդ նախապայմաններէն ետք հաւանաբար կարելի կը դառնայ մեղքերը քաւել ողբերգութեան ճանապարհով անցած հայերուն, հրեաներուն եւ շատ մը ուրիշ ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդներու առջեւ»:
Իր աշխատութեան մէջ փրոֆեսէօր Սեգաւան նրբանկատօրէն նշած է. «Չափազանցութիւն չ՛ըլլար ըսելը, որ հայերուն պատմութիւնը ողբերգութիւններու շարան եղած է: Առաւելապէս` այն օրէն, երբ 1700 տարի առաջ հայերը քրիստոնէութիւն ընդունած են` իբրեւ պետական կրօն: Անոնք իրենց հաւատքին պատճառով դարձան տարբեր զաւթիչներու եւ օտար տիրակալներու յաճախակի յարձակումներու թիրախ»:
Համաձայն հեղինակին դիտարկման, իւրաքանչիւր պետութիւն պէտք է ընդունի ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին հռչակագիրը` իբրեւ կարեւորագոյն փաստաթուղթ, քննարկէ եւ անյապաղ ուղղէ կարելի թերութիւնները` հռչակագիրի արդիւնաւէտ իրագործման նպատակով: Պէտք է ենթադրել, որ Միջազգային քրէական դատարանի ստեղծումը միջազգային հանրութեան մէջ եւ իւրաքանչիւր երկրի մէջ կը բարձրացնէ խումբերը եւ անոնց անդամները պաշտպանող կազմակերպութիւններուն հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ ցեղային զտումները անմիջապէս բացայայտելու առումով որոշակի հոգեբանական արգելակ կը դառնայ:
Leave a Reply