Թիֆլիսի մէջ իրականացան շարք մը ձեռնարկներ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» թեմայով

«Հայոց Ցեղասպանութիւն 1915-2023թթ» թեմայով՝ Րիկեյի այգիին մէջ, Վրաստանի խորհրդարանի շէնքին դիմաց եւ Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մօտակայ տարածքին վրայ Ապրիլ 5-էն սկսեալ կազմակերպուած է 3 ցուցահանդէս։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԵՐԿԻՐ»-էն։

Ապրիլ 22-ին, Րաֆֆի ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ, Վրաստանի Հայ Համայնքի գրասենեակին մէջ իրականացած է՝ դասախօսութիւն «Մեծ Եղեռն» թեմայով եւ Դաւիթ Գրիգորեանը ներկայացուցած է Արեւմտեան Հայաստանի լուսանկարներու շնորհանդէս, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ. Թիֆլիսի մասնաճիւղը պատրաստած է տեսահոլովակ նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն։

Ապրիլ 22-ին, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ կայացած է դասական երաժշտութեան Համերգ «Երբ երգում է հոգիս»՝ Ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակներուն։

Ապրիլ 23-ին, իրականացած է աւանդական ջահերով երթը, մեթրօ Իսանիի մօտակայ տարածքէն դէպի Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն նուիրուած խաչքարի յուշարձանին ուղղութեամբ։ Մասնակիցները ծաղիկներ խոնարհած են խաչքարին առջեւ, այնուհետեւ, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած խաղաղական աղօթք։

Ապրիլ 24-ին, առաւօտեան իրականացած է ոգեկոչման արարողութիւն՝ Թիֆլիսի Սբ. Գէորգ առաջնորդանիստ եւ Հաւլաբարի Սբ. Էջմիածին եկեղեցիներուն մէջ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած նահատակներուն։

Ապրիլ 24-ին, տեղի ունեցած է պահանջատիրական երթ դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն, պահանջով՝ ճանչնալ Հայոց Մեծ Եղեռնը։ Երթը ժամը՝ 14:00-ին, սկիզբ առած է Ֆիլհարմոնիայի դիմացէն, հայրենասիրական երգերով, դրօշներով եւ ցեղասպանութիւնը նկարագրող պաստառներով, մասնակիցներու դէմքերուն Հայաստանի ու Արցախի դրօշներ պատկերուած։ Երթին ընթացքին բաժնուած են տեղեկատուական թրուցիկներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Դեսպանատան առջեւ նաեւ ցուցադրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան լուսանկարներ։

Ապրիլ 24-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմին կողմէ Թիֆլիսի Վասօ Աբաշիձէի անուան պետական թատրոնին մէջ կազմակերպուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչման յուշ-երեկոյ։ Ձեռնարկին մասնակցած են Վրաստանի խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Գիորգի Վոլսկին, Վրաստանի մէջ հաւատարմագրուած շարք մը երկիրներու դեսպաններ եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, վիրահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, այլ հիւրեր։

http://yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2023
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ