Բազմահազար հայորդիներ Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին

24 ապրիլին բազմահազար մարդիկ Երեւանի մէջ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Անոնք յարգանքի տուրք մատուցեցին 20-րդ դարի սկիզբը Ցեղասպանութեան զոհ դարձած աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու յիշատակին:

Բազմահազար հայորդիներու կարգին այդ օր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելեցին նաեւ հայ ժողովուրդի օտարերկրացի բարեկամներ, օտարերկրացի քաղաքական գործիչներ եւ դեսպաններ: Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին յարգանք մատուցեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական գործիչները:

Աւանդական Ջահերով ԵրթԴէպի Ծիծեռնակաբերդի Բարձունք

Horizon Weekly Newspaper

Կիրակի, 23 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի նախօրէին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն սկսաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններու նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը:

Ջահերով երթը այս տարի կը կրէր «Մէկ Հայրենիք, մէկ դատ, մէկ ճանապարհ` պայքար» խորագիրը:

Երթի սկիզբէն առաջ ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գոռ Սարգսեանը:

«Մեզ կը ստիպեն հրաժարիլ հայկական հարցէն, մեր անցեալէն` որպէսզի գողնան մեր ապագան», իր ելոյթին մէջ նշեց Իշխան Սաղաթէլեան: Ըստ անոր, ստեղծուած իրավիճակին մէջ ընելիքը մէկն է` դիմադրութիւն եւ պայքար:

Երթի մասնակիցները Հանրապետութեան հրապարակին մէջ այրեցին Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի դրօշները, ապա «Պայքար, պայքար, պայքար» վանկարկումներով շարժեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Երթի առջեւէն կը քալէր հոգեւոր դասը խաչի առաջնորդութեամբ: Մասնակիցները իրենց հետ կը տանէին այն երկիրներուն դրօշները, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ անոնք մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան աւելի քան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Անմար կրակին մօտ կիսով բարձրացուեցան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշները: Երթի մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակի շուրջ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:

Ջահերով ԵրթՍտեփանակերտի Մէջ

Horizon Weekly Newspaper

23 ապրիլի երեկոյեան ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած է աւանդական ջահերով երթ: «Յիշե՛նք անցեալը, պաշտպանե՛նք ապագան» խորագիրով երթը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն շարժած է դէպի Ստեփանակերտի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած Զանգակատուն-յուշակոթող:

Աւելի քան 4 ամիս շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մէջ անգամ մը եւս շեշտուած է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, դատապարտելու անհրաժեշտութիւնը` նոր ցեղասպանութիւնները կանխելու համար:

Նախքան երթը Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ կատարուած է ոգեկոչման արարողութիւն:

https://horizonweekly.ca/en/%d5%a2%d5%a1%d5%a6%d5%b4%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d5%a6%d5%a1%d6%80-%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d5%b8%d6%80%d5%a4%d5%ab%d5%b6%d5%a5%d6%80-%d5%ae%d5%ab%d5%ae%d5%a5%d5%bc%d5%b6%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%a2%d5%a5%d6%80%d5%a4/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2023
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ