
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակը անկիւնադարձային եղաւ Հայ Դատի աշխատանքներու ծաւալման մէջ: Հայ Դատի աշխատանքներու ծաւալումը սկիզբ կու տար նաեւ Սփիւռքի քաղաքականացման, որ աւելի մեծ թափով եւ արագութեամբ զարգացաւ 1970-ական թուականներէն սկսեալ:
Հայ Դատի մէկ բաղադրիչ օղակը համարուող Ցեղասպանութեան հարցը՝ պահանջատիրական եւ դաստիարակչական տարբեր բնագաւառներու կողքին, աներկբայօրէն, կը ներառէր նաեւ երգ-երաժշտութեան բնագաւառը իր ամբողջական առումով. վկայ այս մասին մեր մեծածաւալ ուսումնասիրական աշխատութիւնը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան Ազդեցութիւնը Երգ-երաժշտութեան Վրայ», Հալէպ, 2010, 622 էջ:
Հայ Դատի աշխատանքների վրայ աւելցաւ երգարուեստի բնագաւառը, որ, իբրեւ նոր քաղաքականութիւն, ծաւալեցաւ ինքնաբերաբար Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, հետապնդման դաշտ:
Արդարեւ, անժխտելի իրողութիւն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան արծարծումը երգ-երաժշտութեան ընդմէջէն, իր մեծ դերը ունի թէ՛ իբրեւ յիշողութիւն ու ազդեցութիւն՝ հայ նոր սերունդին վրայ, թէ՛ իբրեւ քարոզչութիւն՝ միջազգային ընտանիքին ծանօթացնելու նպատակով:
Բոլորիս համար ակնյայտ է, որ երգը իր դրուածքով, որպես երաժշտութիւն եւ բառ հասկնալի կը դառնայ երգիչին մեկնաբանած լեզուով, սակայն ինչպէս գրական, նոյնպէս երգեցողութեան արուեստը ունկնդրին հասցնելու նպատակով շատ մը մեկնաբաններ ընտրած են տարբեր լեզուներ:
1970-ականներէն սկսեալ եւ 21-րդ դարուն, յատկապէս համաշխարհայնացման եւ ճարտարագիտութեան արագ սլացքի ձեռքբերած հնարաւորութիւնները թոյլ պիտի տային, որ ազդու քարոզչամեքենայի կարիքաւորները ընտրէին վերոնշեալ գաղափարը իբրեւ նպատակ:
Արդարեւ, հայ ազգը ըլլալով նաեւ բռնագաղթած, անիրաւուած՝ Դատ ունեցող ժողովուրդ մը, անհրաժեշտ էր իր ձայնը լսելի դարձնէր միջազգային ընտանիքին իր հասկցած լեզուներով, ինչու չէ նաեւ աւելի ընդարձակելով սահմանները, նախ իրազեկելու անիրազեկները, ապա աւելի համակիր ներգրաւելու արդար դատի լուծման:
Այս իրադարձութեան գլխաւոր դրդապատճառը, բնականաբար 1965-ին Մեծ եղեռնի յիսնամեակն էր, որ մտածողութեան մէջ յեղափոխութիւն յառաջացուց, յատկապէս՝ երիտասարդութեան: Թմրած հոգիները վերակենդանանալով ստացան խոյանք: Անոնց յաջորդեց Հայ դատի այն ժամանակահատուածը, երբ պահանջատիրութեան պոռթկումը լսելի դարձաւ միջազգային բեմերու վրայ:
Այս ժամանակաշրջանը ծնունդ պիտի առնէր այն գիտակից երիտասարդներէ, որոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը օտարներուն լսելի դարձնելու եւ անոնց ուշադրութիւնը գրաւելու համար պիտի երգէին օտար լեզուներով:
Մեր աշխատանքը ուսումնասիրութեան առարկայի օրինավիճակ մը կ՛ընծայէ հայ երգարուեստի բնագաւառին՝ իր ժամանակներուն մէջ եզակի ու առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցող «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» («The five fingers», «Հինգ մատներ») նուագախումբի մէկ ստեղծագործութիւնը` «ARMENIA»-ն («Արմենիա»):
Ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ այս երգը, եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր:
1965-ին լիբանանահայ երիտասարդներէ կազմուած «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբը կը ծնի։ Անոնք նախ կը նուագեն ակումբներու եւ սրահներու մէջ տարբեր տեսակի երաժշտութիւն` փոփ, լատինական, հայկական եւ անգլիական, ինչպէս նաեւ կ’երգէին ֆրանսերէն սիրային երգեր:
«Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէ. Միմօ (Միհրան) Գռուզեան (երգիչ, երգի բառեր գրող, խումբի ղեկավար), Վագօ Տելլալեան (հարուածային գործիքներ, երգի բառեր գրող, մշակող), Յակոբ Անտեզեան (կիթառ, երգի բառեր գրող, երգող), Պօղոս Շահմելիքեան (պէյս կիթառ, մշակող), Ստեփան Ֆրունճեան (ստեղնաշարային գործիքներ, մշակող):
Այստեղ կարեւոր է նշել, որ «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբի պէյս կիթառիստ, հանգուցեալ Պօղոսի հետ ազգականական կապ ունենալով (հօրաքրոջս աղջկան ամուսինը) եւ շատ մօտ ըլլալով` յաճախ իր երաժշտական ստեղծագործութեան ու գործունէութեան եւ «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբի մասին քննական մօտեցումներով հարազատ զրոյցներ ու խորհրդակցութիւններ ունեցած ենք, այդ զրոյցներէն մէկն ալ եղած է «ARMENIA» երգը:
Հետաքրքրականը այն էր, որ Պօղոսին ծանօթանալուս բնականաբար անտեղեակ էի, թէ ան երիտասարդութեան տարիներուն Լիբանանի մէջ «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբի մաս կազմած է. 12 երկար տարիներ այդ խումբին մէջ նուագած եւ ստեղծագործած է, ինչպէս նաեւ շատ մը այլ նուագախումբերու եւ հայ երգիչներու հետ ալ նուագած, սակայն այդ բոլորը ժամանակաւոր են եղած: Հեռակայ մեր զրոյցի մը ընթացքին, Պօղոսը հարցուց իմ նոր ստեղածագործութիւններուս մասին: Անոր յայտնեցի, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երգ-երաժշտութեան մասին մեծ ուսումնասիրութիւն մը կ՛ընեմ (հետագային, որ լոյս տեսաւ «Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը երգ-երաժշտութեան վրայ», 2010): Այդ ընթացքին իր անցեալի յուշերը յիշեց եւ բաւական յուզումնախառն ու հպարտութեամբ տեղեկացուց Լիբանան եղած օրերուն «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբի եւ այլ նուագախումբերու հետ գործակցիլը: Մեծ հաճոյքով կը լսէի զինք, երբ յանկարծ ըսաւ, որ «գիտես մենք «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբին մէջ անգլերէն երգ մը ստեղծագործած էինք, որ ցեղասպանութեան մասին էր»: Հետաքրքրութիւնս բորբոքեցաւ, ընդատելով հարցուցի. «երգին վերնագիրը, կամ երգը ինչպէ՞ս է»: Պատասխանեց. «Վերնագիրը՝ «ARMENIA», իսկ երգը այսպէս սկիզբ կ՛առնէ «Armenia means blue sky…»»:
Ես յուզումնախառն ու մեծ ուրախութեամբ, իսկապէս գանձ մը վերագտած էի, քանի որ փոքր տարիքիս այդ երգը լսած էի, եւ ցեղասպանութեան նուիրուած երգ-երաժշտութեան ուսումնասիրութեանս ընթացքին «ARMENIA» երգի մասին կ՛ուզէի որեւէ մէկ տեղեկութիւն ձեռք ձգել, եւ ահա անակընկալը…:
«Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբը Պէյրութի մէջ եղած է առաջին խումբերէն, որ գործածած է «CONTINENTAL» կոչուած երաժշտութիւնը, որ տարածուեցաւ Լիբանանի մէջ 1960-ական եւ 1970-ականներուն: CONTINENTAL բառին բառացի թարգմանութիւնը ցամաքային է, այլ խօսքով` աշխարհի բոլոր ցամաքները: Այս պարագային, սակայն, խումբի հաւաստիացումով, բառը շինծու է եւ խորքին մէջ կը ձգտի ըսել` «ամէն տեսակի երգ կ’երգենք»:
1969-ին, երբ խումբին կը միանայ երգի բառեր գրող եւ հարուածային գործիքներ նուագող Վագօ Տելլալեանը, խումբը կը վերափոխուի, նոր ձեւ կը ստանայ, եւ ահա ան կը դառնայ խումբին շարժիչ ու մղիչ ուժը` իր տեսութիւններով եւ գործելաոճով: Ըստ Վագոյի, իրենց պէս խումբ մը եթէ կ’ուզէ առանձնայատուկ ըլլալ, ապա անհրաժեշտ է, որ խումբին երգերը ինք` խումբը գրէ: Արդարեւ, այդ օրէն սկսեալ խումբին անդամները դարձան երգի բառեր գրող, յօրինող եւ մշակող:
Նուագախումբը իր յատուկ ստեղծագործութիւններով եւ բարձրորակ կատարումներով հետզհետէ մեծ համբաւ վայելեց:
«Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ի տղաքը, սիրային երգերու կողքին, իրենց երգացանկին մէջ ունէին նաեւ հայրենասիրական երգեր, որոնք իրենց ստեղծագործութիւնն է եղած:
Անոնց նպատակն ու թիրախը սակայն, սկիզբէն իվեր եղած է հայ երիտասարդութիւնը, հայութիւնը յուզող հարցերն ու մնաւանդ օտարին իրենց ձայնը լսելի դարձնելը: Հայերէնով Ցեղասպանութեան նուիրուած շատ մը երգեր գոյութիւն ունէին: Կարեւորը հայուն Դատը երգի միջոցով օտարներուն ծանօթացնելն ու իրազեկ դարձնելն էր, եւ ցարդ ոեւէ մէկը այդ նախաքայլը չէր առած:
«Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ի անդամները խանդավառուած, իրարու հետ նոր երգեր գրելու մրցումի կ՛ելլեն: Բոլորն ալ` օտար լեզուներով: Ամենաշատ յօրինողները խումբի երգիչ Միմոն (Միհրան Գռուզեան) եւ թմբկահար Վագօ Տելալեանն են եղած:
«Ինչպէ՞ս ծնաւ «Armenia» երգը», եղաւ իմ հարցումներէս մէկը Պօղոս Շահմելիքեանին:
Այնուհետեւ, Պօղոս հաղորդական ու դիւրահաղորդ ձեւով պատմեց. «Օր մը, երբ իւրաքանչիւրս մեր յօրինած երգերը իրարու կը ծանօթացնէինք, Վագո Տելլալեանը շատ հետաքրքրական երգ մը հրամցուց մեզի` «Armenia»: Անգլերէն լեզուով բողոք մըն էր. ընդվզում` Հայոց ցեղասպանութեան, նաեւ Խորհրդային Միութեան դէմ:
«Ամենախանդավառը ես էի եւ առաջարկեցի առաջին հերթին ա՛յդ երգը արձանագրել:
«Միմոյին շատ սրտովը չէր: Կը նախընտրէր իր գրած սիրային երգերը եւ մերժեց երգել»:
«Պնդումներուս, նաեւ ստիպումներուս հետեւանք` որոշեցինք արձանագրել, եւ տրուած ըլլալով, որ Միմոն մերժած էր երգել, որոշեցինք, որ փոխարէնը խումբի կիթառահար Յակոբ Անտըզեանը երգէ»:
Այսպիսով, «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբին ամէնէն նշանաւոր եւ հռչակի տիրացող երգը կ՛ըլլայ «Armenia»-ն («Արմինիա»-ն «Armenia», Հայաստան, 1972-ին): «Armenia»-ն, եղաւ օտար լեզուով առաջին երգը` իբրեւ բողոք Հայոց ցեղասպանութեան եւ Խորհրդային Միութեան դէմ: Իբրեւ քաղաքական բնոյթի երգ` դժբախտաբար ձայնասփռումը արգիլուեցաւ Լիբանանի պետական ռատիոկայանէն:
Վերոյիշեալ երգը արձանագրուած է անուանի «Ֆիլիփս» (Philips) միջազգային ձայնապնակի ընկերութեան կողմէ: Սակայն, երգը ըլլալով քաղաքական բնոյթի՝ ձայնագրութեան ընդունման գործընթացը «Ֆիլիփս» ընկերութեան կողմէ այնքան ալ դիւրին չէ ընդացած: Բայց հետագային, սիրուած ու մեծ ժողովրդականութիւն վայելող երգը այնքան գոհ ձգած է ձայնագրող եւ արտադրող «Ֆիլիփս» ընկերութիւնը, որ առ ի գնահատանք՝ «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբին, շնորհած է յուշանուէր արծաթեայ ձայնապնակ մը:
«Armenia» երգի ձայնապնակի կողքի մէկ երեսը կը ներկայացնէ Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանը, իսկ երկրորդ երեսին վրայ՝ «Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ի անդամներու լուսանկարները, իւրաքանչիւրինը 5 տարբերակով:
«Armenia» երգը երբ ուսումնասիրութեանս կիզակէտը կը դառնայ Պօղոսին ուղղուած հարցումներս ալ այդքան կը խորանան:
Երգը առաջին անգամ ե՞րբ եւ ո՞ւր երգուած է հանրութեան եւ ի՞նչ ընդունելութեան արժանացած է հանդիսատեսին կողմէ:
Պօղոս պատասխանեց. «28 մայիս 1972-ին: Երգահանդէս մը կազմակերպած ենք «Յովակիմեան Մանուկեան» վարժարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ:
«Այդ օր, առաջին անգամ ըլլալով, բեմի վրայ երգեցինք «Armenia» երգը:
«3 անգամ յոտնկայս «պիս»-երով, ներկաները «ստիպեցին», որ դարձեալ երգենք, եւ երրորդ անգամ, տակաւին երգը չաւարտած, սրահի պատասխանատուն վարագոյրը իջեցուց երգի մը պատճառով, ուր յիշուած են ապրիլ 24-ն ու մայիս 28…
«Reminded me of 1915 Massacre Day
«Reminded me of 1918 Independence Day
«Երգահանդէսի աւարտին, հանդիսատեսներուն, բոլորին անխտիր, մէկական օրինակ տուինք «Armenia» ձայնապնակէն` որպէս նուէր»:
Պօղոս հաւաստիացուց մեզի, որ իր մօտաւորապէս 25 տարիներու երաժշտական ասպարէզի ընթացքին, ըլլայ «Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ի, եւ կամ ոեւէ երգիչի կամ նուագախումբի հետ, ոչ մէկ երգ «Արմինիա»-ին չափ բուռն եւ երկարատեւ ծափահարութեան ու մեծարանքի արժանացած է ժողովուրդին կողմէ:
«Արմինիա» երգը, հակառակ անոր, որ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած է, բայց եւ այնպէս ձայնասփիւռի կայաններէ սփռումը արգիլուած էր, թրքական կառավարութեան կողմէ ներկայացուած բողոքի մը պատճառով, որպէս քաղաքական բնոյթի երգ: Հակառակ այս արգելքին կրպակներու մէջ դեռ կը նուագուէր:
«Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբի «Armenia» անգլերէն երգը այսօր մեզի կը ներկայանայ որպէս օտարալեզու Հայոց ցեղասպանութիւնը նկարագրող առաջին երգը:
«Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբը ինքնուրոյն երգերով դարձաւ Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան ամէնէն անուանի փոփ նուագախումբերէն մէկը: Անոնց երգերը ներառեալ «Armenia»-ն տարիներ շարունակ եւ մինչեւ օրս կ՛երգուին զանազան երգիչներու կողմէ:
«Armenia» երգի բառերուն զուգահեռ, երաժշտութեան ոճը քնարերգական է, չափաւոր ու հանդարտահոս ելեւէջներ ունի: Հոն զգալի է մորմոքախառն ու խորաշունչ ալիքներու երանգը:
Երգին երաժշտութեան ելեւէջները ունկնդիրը կը մղեն, որ մտքի ու հոգիի հանդարտութիւն ստանայ եւ խորաթափանց մտածումով մը կապուի, որովհետեւ հոն կը հանդիպինք զգայուն ներքին ուժի մը, որ կը ձգտի պահանջատիրական ամէնէ կարեւոր գործօնը՝ ոգին արթնցնել:
Ստորեւ կը ներկայացնենք անգլերէն «Armenia» երգին բնագիրն ու անոր հայերէն թարգմանութիւնը:
ARMENIA
Armenia means blue sky
Blue river snow white mountains
Armenia means many thing
Like Freedom Justice and Peace
My father explained me all these
For what kind of country it is
Reminded me of 1915…… Massacring day
Reminded me if 1918…… Independence day
So God won’t you please listen
Give my people Freedom
So God won’t you please listen
All we need is Freedom.
I was born outside my country
Feeling always the tast of Liberty
How I long to see my mountains
High wild snow covered mountains.
So God won’t you please listen
Give my people Freedom
So God won’t you please listen
All we need is Freedom.
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Հայաստան կը նշանակէ կապոյտ երկինք
Կապոյտ գետ ձիւնածածկ սպիտակ լեռներ
Հայաստան կը նշանակէ շատ բան
Ինչպէս՝ Ազատութիւն, Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն:
Հայրս այդ բոլորը ինծի բացատրեց
Թէ ինչպիսի երկիր մըն է
Յիշեցուց 1915-ը… Ջարդերու օրը
Յիշեցուց 1918-ը… Անկախութեան օրը
Ուրեմն, Աստուած, խնդրեմ լսէ
Տուր իմ ժողովուրդին Ազատութիւն
Ուրեմն, Աստուած, խնդրեմ լսէ
Մեր ամէն ուզածը Ազատութիւնն է:
Ես իմ երկրէն դուրս ծնած եմ
Միշտ զգալով Ազատութեան համը
Որքան կը ցանկամ տեսնել իմ լեռները
Բարձր ձիւնածածկ լեռները:
Ուրեմն Աստուած խնդրեմ լսէ
Տուր իմ ժողովուրդին Ազատութիւն
Ուրեմն Աստուած չե՞ս հաճիր լսել
Ամէնը, որուն պէտք ունինք Ազատութիւնն է:
Քաղաքական ենթաբովանդակութեամբ արձագանգող «Armenia» երգը բնականաբար մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ իր խորիմաստ եւ քարոզչական բնոյթով, եւ ի զուր չէր, որ թուրքը խորամանկ ըլլալու առընթեր, արթուն էր եւ աչալուրջօրէն ինչպէս միշտ եւ ամէն տեղ աչքերը տասը բացած` կը հետեւի հայոց ամէն քայլափոխին եւ անմիջապէս իր նենգութիւնն ի գործ կը դնէ` կասեցնելու Հայոց ցեղասպանութեան քարոզչական որեւէ նախաձեռնութիւն:
Խիստ կարեւոր է նշել, որ «Արմինիա» երգի ձայնագրութիւնն ու տարածումը իսկապէս բարդ իրավիճակ ստեղծած է: Եւ այդ պատճառով ալ «Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ի անդամները որոշած են անձնական միջոցներով տարածել ձայնապնակը: Անվճար յանձնած են քաղաքի բոլոր «ճիւք պաքս»-երուն մէկական օրինակ: Նոյնիսկ օտարներ, երբ այդ գործիքին երգացանկին մէջ հանդիպած են «Armenia» երգին, հետաքրքրութեամբ ունկնդրած են:
Հայ դատի քարոզչութիւնը դրսեւորող նման յանդուգն գործի մը համար խումբը, դժբախտաբար ոչ միայն օժանդակութիւն չէ ունեցած իր արտադրիչ ընկերութենէն, այլ եւ Լիբանանի պետական ռատիոկայանէն, կարգ մը հայկական միութիւններէն եւ այլ կողմերէ:
«Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբի «Armenia» երգը բնականաբար մեծ յաջողութիւն արձանագրած էր, քանի որ իր նպատակին արդէն հասած էր, երիտասարդական շարքերու մէջ զարթնում յառաջացնելով իր ժողովուրդի դատին հանդէպ հաւատք տածելով, իսկ միւս կողմէ երգի ազդեցութիւնն ու քարոզչութիւնը խիստ լարած են Թուրքիոյ կառավարութեան ուշադրութիւնը: Բնականաբար որեւէ դրական քայլ այդ ուղղութեամբ մեզի համար մեծ յաջողութիւն եւ իրագործում կը համարուի:
Այնուհետեւ, «Ֆիլիփս»-ի տնօրէնութիւնը անակնկալի եկած այնքա՜ն խոչընդոտներու հանդիպած «Արմինիա» երգի ժողովրդականութենէն եւ մեծ թիւով ձայնապնակներու սպառումէն, խումբի յաջորդող ձայնասկաւառակները, առանց որեւէ նախապայմանի, ընդունած է արտադրել:
«Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբը իր երգացանկի ընտրութեան մէջ եղած է բծախնդիր, իսկ միւս կողմէ միշտ ներառած է բարձրորակ եւ ազգային խորք ունեցող նիւթեր: Առ այդ, «Ֆիլիփս»-ի պիտակով խումբը կ՛արձանագրէ երկու հայերէն ալպոմներ, որոնցմէ երկրորդը «Հայորդիք» խորագրով ալպոմին երգերէն մէկն էր՝ «Armenia»-ին հայերէն տարբերակը:
«Armenia» երգի երաժշտութեան ետնաբեմի վրայ, ներկայացուած է ապրիլ 24-ի առիթով Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական փոխանորդ Սահակ եպիսկոպոս Կոգեանի (1895-1964) արտասանած հայրենաշունչ ճառերէն հատուածներ: Կատարումը իրականացած է «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբի երգիչ Միմոյի կողմէ, կարդալով մեկնաբանութեամբ եւ ոչ երգեցողական ոճով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Սահակ եպիսկոպոս Կոգեանի ազգայնաշունչ ճառերէն համադրուած հատուածները, որ «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբի երգիչ Միմոն արտասանած է «Armenia» երգի երաժշտութեան ետնաբեմի վրայ:
ARMENIA (հայերէն)
Աշխարհ մըն էր դաշտը,
Գետեր կը գծէին անոր սահմանները
Գետեր նուիրական չորս առաջինները
Դրախտաբուխ աղբիւրին.
Ամպածրար լեռներ կը կազմէին սիրտը դաշտին
Սարերը ծաղկաշատ, դաշտերը ցորենաշատ.
Բայց, այն տարին ցորենի փոխարէն
Դիակներ հնձուեցան
Ծաղիկներու փոխարէն ալ ոսկորներ հոտ արձակեցին
Ջուրերու փոխարէն գետերը փոխադրեցին արիւն
Ոսկորներ մարդկանց դաշտին վրայ
Որ իրենց շէն հայրենիքն էր եղած դարերէ ի վեր:
Ճիւաղային էր ծրագիրը
Հայը պէտք էր կամ ինքզինքը սպաննէր
Ուրանալով իր հաւատքը, բարոյականը եւ ազգութիւնը,
Եւ կամ պէտք էր սպաննուիլ, ջնջուիլ իբր ազգ:
Ի՞նչ էր յանցանքը, գործած ոճիրը.
Ոճի՞ր էր որ հակառակ դարերու հալածանքին
Տակաւին կը տոկար իբր ազգ ճակատին վրայ խաչ.
Ոճի՞ր էր որ լոյսի զաւակ լոյս կ՛աղաղակէր
Ու չէր ուզեր հաշտուիլ խաւարի հետ:
Աշխարհ մը ամբողջ գերեզմանի վերածուած
Ոսկորներ ոչ հողի տակ թաղուած
Այլ հողը ոսկորներով ծածկուած
Ոսկորներու տէրը ազգ մըն էր
Որ կը կոչուէր… … ՀԱՅ…
Ծանօթանանք «Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ի անգլերէն «Armenia» երգի մեծատաղանդ հեղինակին եւ երգիչին:
Վագօ Տելալեան, 1969-ին մաս կը կազմէ «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբին իբրեւ հարուածային գործիքներ նուագող:
Ան իր հմտութեամբ եւ շինիչ ուղղութիւններով կ՛ըլլայ խումբին ոգին ու մղիչ ուժը: Վագոն, յօրինող, մշակող եւ անգլերէն ու հայերէն լաւ երգեր գրող է: Ան, սքանչելի «Armenia» երգին հեղինակն է:
Վագոն, «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբէն բաժնուած է «Armenia» երգի ձայնապնակի հրապարակումէն անմիջապէս ետք հրաժեշտի երգահանդէսով՝ խումբի երգիչ Միմոյի (Միհրան Գռուզեան) հետ տարակարծութեան պատճառով:
Վագոն շրջան մը իր քրոջ տղուն՝ Գօգօ Նիկողոսեանի հետ միայն White Feather անունով խումբ մը կազմած է: Երկուքը միասին կիթառի նուագակցութեամբ զուգերգեր մեկնաբանած են, ընդհանրապէս մեծամասնութեամբ Վագոյի յօրինումներէն:
1974-ին, White Feather առաջնութիւնը կը խլէ Լիբանանի Jazz Club-ի կազմակերպած երգահան երգիչներու մրցումին:
Վագոն, 20 Հոկտեմբեր 1974-ին, White Feather նուագախումբին հետ հրաժեշտի երգահանդէս մը կու տայ Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, այդ երգահանդէսէն ուղիղ մէկ շաբաթ ետք կը մեկնի Լոս Անճելոս (ԱՄՆ):
Լոս Անճելոսի մէջ նուագած է տասնեակ մը երգիչներու հետ՝ Անդրանիկ Մաթոսեան, Յովիկ Գրիգորեան (պաղտատցի), Յովիկ Գրիգորեան (հայաստանցի), Յարօ Բուրեան, Արա Շահպազեան, Կարպիս Տաքէսեան եւ ուրիշներ: Ան նուագած է նաեւ Conquerors նուագախումբին հետ, որ հետագային անունը փոխելով կոչուած է The Lords:
Վագոն «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբի միակ անդամն է, որ տակաւին երաժշտութեան ասպարէզը չէ ձգած: Հակառակ լաւ թմբկահար ըլլալուն, բնաւ թմբուկ չի նուագեր այլ կիթառի ընկերակցութեամբ կ՛երգէ իր յօրինած 60-է աւելի մանկական երգերը: Ունի քանի մը ձայնասկաւառակ եւ քանի մը ձայներիզ: Քանի մը տարի առաջ հրապարակ իջեցուցած էր անգլերէն ձայնասկաւառակ (CD) մը, որուն բոլոր երգերու յօրինումները իրեն կը պատկանին: Հսկայական աշխատանք:
Վագոն Տելալեան, թմբուկէն եւ կիթառէն զատ, կը նուագէ նաեւ դաշնակ: Ամուսնացած է եւ ունի երեք մանչ զաւակ:
Յակոբ Անտըզեան եղած է «Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ի հիմնադիր անդամներէն մէկը:
Լաւ կիթառահար էր: Ունէր երգելու կարողութիւն: Կը մեկնաբանէր որոշ թիւով երգեր, որոնցմէ ամենաճանչցուածը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած անգլերէն «Armenia» երգն էր:
«Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ի անդամները յաճախակի փոփոխութիւններու ենթարկուած են: Շատեր գաղթած են տարբեր երկիրներ, ուրիշներ գործի բերումով հեռացած երաժշտական ասպարէզէն, սակայն Յակոբը, նուագախումբի հիմնադրութենէն մինչեւ խումբին բաժնուիլը մնացած է հաւատարիմ մէկ անդամը իր այնքա՜ն սիրած նուագախումբին եւ մեծ ներդրում ունեցած անոր յաջողութիւներուն ու նուաճումներուն մէջ:
Յակոբ եղած է ընկերասէր: Եղած է տիպար հայր մը: Այդ կենսուրախ անձը հետագային ճաշակած է մեծ դժբախտութիւններ՝ կորսնցնելով իր կողակիցը, որմէ տարի մը ետք, 21 տարեկան իր կրտսեր տղան:
Յակոբ Անտըզեան 2019 թուականին կը մահանայ: Այսպիսով «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» կը կորսնցնէ այն մատները, որոնք երկար տարիներ, հմտութեամբ, անուշ մեղեդիներով հմայած էին տասնեակ հազարաւոր ունկնդիրներ:
Վերջապէս, կը հաստատենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ի «Armenia» երգին արծարծումը, գեղարուեստական օգտագործումն ու անոր դերակատարութիւնը Հայ դատի քարոզչութեան մէջ մեծ էր:
Ներկայացուած աշխատութեամբ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Թուրքիոյ արիւնոտ անցեալը եւ զայն առնչեց անոր ոճրարար ներկային: Հոն ի յայտ եկաւ Օսմանեան բռնատիրութիւնը, ոճիրին դէմ պայքարողները, ազատութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն տենչացողները, իրաւազրկուածները, ոտնակոխուածները։ Օսմանեան ծանր լուծին տակ տնքացողները կը տողանցեն՝ պատմութեան հանգրուան մը վերակենդանացնելով:
Այլ խօսքով, երգին խորհուրդն ու պատգամը մեզի կը թելադրեն, որ պէտք չէ խաբուիլ ինքզինք մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, կրօններու գոյակցութեան ջատագով նկատող Թուրքիոյ կեղծ դիմակէն. անոր ետին կը գտնուի նո՛յն ջարդարար Թուրքիան:
Այս ուսումնասիրութեան մէջ կատարուած յայտնաբերումներն ու վերլուծումները ամբողջացնելու նպատակով կը կատարենք կարգ մը եզրայանգումներ երեք եզրերու վրայ` ազգային, քաղաքական եւ երաժշտական:
ա. «Armenia» երգը քաղաքական երանգ ունի եւ հասցէագրուած է ողջ մարդկութեան:
բ. Անժխտելի իրականութիւն մըն է, որ «Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ի «Armenia» երգը (անգլերէն) եղաւ օտար լեզուով առաջին բողոքի երգը` ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան, նաեւ խորհրդային լուծին (1972):
գ. «Armenia» հիանալի երգը իր բողոքի ու ընդվզումի հնչեղութեամբ, պահանջատիրական հայեցակարգով, ազգային եւ քաղաքական հոլովոյթով ու բնութագրումով սփիւռքի մէջ ապրող հայ անհատի եւ յատկապէս օտարներու ներգրաւման հզօր ազդակ հանդիսացաւ:
դ. Մեծ նպաստ ունեցաւ Հայ դատի քարոզչութեան ծաւալման մէջ:
ե. «Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ը «Armenia» երգով ռահվիրայ հանդիսացաւ, որուն օրինակ առնելով բազմաթիւ նուագախումբեր եւ մեկնաբաններ հետագային Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով, տարբեր լեզուներով երգեր ստեղծագործեցին եւ ներառեցին իրենց երգացանկին մէջ:
Այս աշխատութեան աւարտին կ՛եզրակացնենք, որ քաղաքական ենթաբովանդակութեամբ երգարուեստի այս տեսակի աշխատանքը եւ նմանօրինակ ստեղծագործութիւնները անհրաժեշտ են այն պատճառով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան կատարուած իրողութիւնը տարբեր դիտանկիւնէ կը լուսաբանեն եւ յաճախ քարոզչական բեմահարթակներէն մեր արդար դատին համակիրներ կ՛ապահովեն:
Ի պատիւ «Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ին եւ անոր «Armenia» երգին՝ Հայ դատը օտարներուն լսելի դարձավ, ինչպէս նաեւ մեր Դատը ճանչցուեց եւ իրազեկւեց, որ իրաւազրկուած հայ ազգ մը գոյութիւն ունի, կայ անոր հայրենիքը՝ Հայաստանը, որ կը նշանակէ շատ բան՝ Ազատութիւն, Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն: Պէտք է ըսել, որ Սփիւռքի տարածքին խումբը ունեցավ քարոզչական հսկայ ներդրում Հայ դատի առնչութեամբ: Անսասան պահելով ազգային ինքնորոշումն ու ինքնագիտակցութիւնը, թէկուզ օտար լեզուով երգեց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Միւս կողմէ, մեր ժողովուրդին արդար պոռթկումին հարազատ թարգմանը հանդիսացավ դրսեւորելով հայուն վերապրելու եւ վերականգնուելու իւրայատուկ ոգին, վճռակամ ու արի կեցուածքը:
Հետեւաբար, խումբի երաժիշտները այդ օրուան հրամայականին իբրեւ արդիւնք՝ ազգային ինքնութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ անարդարութեան, անտարբերութեան եւ ժխտումին դէմ ուղղուած քաղաքականութիւն վարեցին:
_________________________-
Օգտագործուած աղբիւր
– Գաթրճեան Աւօ, «Հայոց Ցեղասպանութեան Ազդեցութիւնը Երգ-Երաժշտութեան Վրայ», Հալէպ, 2010:
– Շահմելիքեան Պօղոս, «Յիշատակներ Անցած Օրեր…», Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա, 2012:
Leave a Reply