
1922 թուականի այս օրը` ապրիլի 17-ն, Պերլինի մէջ մահապատիժի ենթարկուեցան, Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն` Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին:
Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան գործադրեցին թուրք երկու ջարդարարներուն ահաբեկումը, որ մաս կը կազմէր ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին (գումարուած Երեւան, 1919-ին) որոշած «Նեմեսիս» գործողութեանց շարքին:
Leave a Reply