Աշխարհը ե՞րբ պիտի հասկնայ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսօր. բողոքի ցոյց Լոս ԱնՃելըսի մէջ (տեսանիւթ, լուսանկարներ)

Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը յունուար 29-ին երթով Դաշնային շէնքէն շարժած է դէպի ազրպէյճանի հիւպատոսութիւն՝ իրազեկելու Արցախի շրջափակման մասին, ինչպէս նաեւ դատապարտելու ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններուն ֆինանսաւորումը:

«Լռութիւնը համաձայնութիւն է», «1.5 միլիոն հայերը բաւական չէի՞ն» եւ այլ պաստառներով փողոց իջած ամերիկահայերուն ցոյցը տեւած է քանի մը ժամ:

«Վերջին 49 օրերուն ընթացքին արցախցիները մատնուած են սովի ու սառելու, մինչդեռ մնացեալ աշխարհը աչք կը փակէ։ Ե՞րբ մնացած աշխարհը պիտի հասկնայ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի այսօր»,- նշած են ցոյցի կազմակերպիչ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամները:

Հանրահաւաքի տեսանիւթը՝ այստեղ

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2023
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ