«Հայ մտաւորականութեան կը մնայ Թեհլիրեանի յուշերու նոր հրատարակութեան հնչեղութիւն ապահովելը»

«Ազդակ»-Ի  55րդ առցանց լսարան` Սողոմոն Թեհլիրեան յուշերուն անգլերէն թարգմանութեան առիթով

«Ազդակ»-ի 55-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 19 յունուար 2023-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Նիւթ` Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշերուն թարգմանութիւնը: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Յիշենք, որ հրատարակութեան ներկայացումը տեղի ունեցաւ 5 դեկտեմբեր 2022-ին, «Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ, «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Նշենք, որ Թեհլիրեանի յուշագրութիւնները անգլերէնի թարգմանուած են լիբանանահայ Պետօ Տէմիրճեանին կողմէ, իսկ գիրքի հրատարակութեան աշխատանքը ստանձնած էր «Կոմիտաս» հիմնարկը` Արա Սարաֆեանի տնօրինութեամբ:

Մամլոյ լսարանի առաջին զեկուցողն էր Պետօ Տէմիրճեան, որ  ներկայացուց այն տուեալներն ու հանգամանքները, որոնք պատճառ դարձան դիմելու այս նախաձեռնութեան: Այնուհետեւ իր Սերպիա այցելութենէն մինչեւ Թեհլիրեանի մասին զանազան հրատարակութիւններու մէջ տեղ գտած պատմական աղաւաղումները սրբագրելու նախանձախնդրութենէն մեկնելով` Տէմիրճեան պարզաբանեց այս աշխատանքի նախաձեռնութեան, համագործակցութեան եւ հրատարակութեան բոլոր հանգամանքները: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ գիրքին բովանդակութիւնը:

«Կոմիտաս» հիմնարկի հիմնադիր տնօրէն Արա Սարաֆեան շեշտը դրաւ գործին գիտական մօտեցումին վրայ. աւելցուց, որ այս գործի բանալին կը նկատէ «Վէմ»-ի մէջ լոյս տեսած Երուանդ Փամպուքեանի յօդուածը Թեհլիրեանի յուշերուն մասին, որ կը բացայայտէ ամբողջ եղելութեան բուն պատմականը: Սարաֆեան շեշտը դրաւ հարցի անծանօթ մնացած ծալքերը բանալու, ծածկանունները բացայայտելու եւ նոր ծանօթագրութիւններ հրապարակելու աշխատանքի վրայ: Ապա ան կատարեց համեմատական վերլուծում Թեհլիրեանի բանտային գրառումներուն, հրատարակուած յուշերուն, ոստիկանական եւ դատավարական արխիւներուն եւ յարակից նիւթերու: Այնտեղ նկատի կ՛առնուին նոյնութիւններ, հասարակաց տեղեկութիւններ, տարբերութիւններ, պակսող բաժիններ:

Թարգմանական, բովանդակային, գիտական ուղղութիւններու համապարփակ ներկայացումներէն ետք տեղի ունեցաւ զրոյց քննարկում`  հայութեան արժանապատուութիւնը վերականգնած պատմական կարեւորագոյն իրադարձութեան վերաբերող խիստ շահեկան այս հրատարակութեան առիթով:

Դասախօսութիւն-քննարկումի ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի կայքին եւ «Ազդակ»-ի «Եութիուպ»-ի համապատասխան ալիքին վրայ: 

https://www.youtube.com/watch?v=bTY0vD8i-Qc

Aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2023
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ