Տիգրանակերտի պատմական Հեւսէլի այգիները վերացման եզրին են

Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած Տիգրանակերտի՝ 8 հազարամեայ Հեւսէլի  այգիները «մշակոյթի այգի» անուան տակ վարձով կը յատկացուին սեփական կազմակերպութիւններուն։ Պատմական տարածքին մէջ, ուր պէտք չէ նոյնիսկ գամ գամել, կ’արտօնեն անօրինական ճանապարհներու կառուցում եւ այլ շինարարական աշխատանքներ։

Հասարակական կազմակերպութիւնները քրէական գործ յարուցած են Համաշխարհային ժառանգութեան արժէք հանդիսացող Հեւսէլի այգիները  վերացնելու այս փորձերուն դէմ։

Քաղաքաշինութեան  վարչութեան Տիգրանակերտի մասնաճիւղի քարտուղար Մահմուտ Օզքեսքին յայտարարած է, որ այն, ինչ որ տեղի կ’ունենայ այստեղ, կը հակասէ օրէնքին, եւ շինարարական աշխատանքներու հետեւանքով Հեւսէլի այգիներու գիւղատնտեսական նշանակութեան տարածքը պիտի վտանգուի։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2023
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ