
Լեռնային Ղարաբաղը, ուր կ՝ապրի 120,000 հայ, փաստացի յայտնուած է շրջափակման մէջ, երբ խումբ մը քաղաքացիական հագուստով ազրպէյճանցիներ փակեցին Լաչինի միջանցքը՝ տարածքը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը: Այս մասին հեղինակավոր The Times-ի մէջ գրած է Լոնտոնի Կայսերական քոլէճի համաշխարհային առողջապահական նորարարութեան ուսումնարանի տնօրէն Լորտ Տարզին։
«Սնունդը, դեղորայքը եւ առաջին անհրաժեշտության ապրանքները այժմ շատ կը պակսին: Սովորաբար Հայաստանէն օրական միջանցքով կ՝առաքուէր 400 թոն պաշար։
Մինչ ռուս զինուորները, որոնք տեղակայուած են իբրեւ խաղաղապահներ, ապացուցած են, որ չեն կրնար կամ չեն ուզեր վերացնել շրջափակումը, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները կը զգուշացնեն ցեղասպանութեան մասին, եթէ իրավիճակին լուծում չտրուի:
Լաչինի միջանցքին շրջափակումը դատապարտած է միջազգային հանրութիւնը, ներառեալ՝ Մեծ Բրիտանիան, ԱՄՆ-ը, Ֆրանսան, Գանատան եւ ԵՄ-ն։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ «անընդունելի է խաղաղ բնակչութեան համար խնդիրներ ստեղծելը», սակայն հերքած է խաղաղապահ ուժերուն ուղղուած քննադատութիւնը։
Լեհաստան ներխուժելու եւ Եւրոպայի հրէայ բնակչութեան ոչնչացումը ծրագրելու նախօրէին՝ Հիթլերը կ՝ըսէր. «Ո՞վ կը յիշէ այսօր հայերու ոչնչացման մասին»: Եթէ մենք՝ իբրեւ միջազգային հանրութեան անդամներ, չբղաւենք ցեղասպանութեան բռնութեան մասին, ուր ալ որ անիկա ըլլայ, մեղաւորները պիտի դառնան լկտի, իսկ արատաւոր շրջանակը պիտի շարունակուի»,- գրած է ան։
Yerakouyn.com
Leave a Reply