«Զանգեզուրի միջանցք»-ը կեանքի պիտի կոչուի՝ անկախ անկէ՝ կ՝ուզէ Հայաստանը, թէ՝ ոչ․ Ազրպէյճանի նախագահ

Այսպես կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին իրականացումը «պատմական անհրաժեշտութիւն է»։ Անիկա պիտի իրականացուի՝ ուզէ Հայաստանը, թէ՝ ոչ։ Այս մասին, ըստ TASS-ի, յայտարարած է ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւը, կը յայտնէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։

«Մենք միանգամայն համոզուած ենք, որ այդ նախագիծին իրականացումը մեր բնական իրաւունքն է»,- ըսած է ան՝ հերթական անգամ պնդելով, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի նախագիծի իրականացման հարցը արտացոլուած է Հայաստանի, ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն՝ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ։

Անոր խօսքով՝ «Հայաստանը կ՝ուզէ խուսափիլ ատկէ, փաստացի երկու տարիէն աւելի չի կատարեր իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։ Բայց ատիկա մեզի չի կանգնեցներ»,- աւելցուցած է ալիեւը։ Ան համոզուած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին իրականացումը «պատմական անհրաժեշտութիւն է»։ «Ատոր համար ես ըսի, որ անիկա պիտի իրականացուի՝  անկախ անկէ՝ կ՝ուզէ Հայաստանը, թէ՝ ոչ։ Հայաստանի մէջ ատիկա ընկալեցին իբրեւ հերթական սպառնալիք՝ թէեւ ես նման մտքեր չունէի։ Պարզապէս ատիկա անխուսափելի է, ատիկա վաղ թէ ուշ պիտի ըլլայ»,- ըսած է ան։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2023
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ