Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւն Տիգրանակերտի մէջ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ, 8 յունուար 2023, Կկիրակի առաւօտ, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։

Նոյն առթիւ, Նորին Ամենապատուութեան կարգադրութեամբ Տիգրանակերտ մեկնեցան Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան եւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Կիրակի առաւօտ, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագ մատոյց Արժ. Տ. Նաթան Քահանան։ Ս. Սեղանին սպասարկեց Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճու։

Տէրունական աղօթքէն առաջ պատարագիչ Տէր Հայրը խրատական խօսեցաւ, անդրադառնալով Ս. Ծննդեան խորհուրդին։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց պետական աւագանիին, որու շնորհիւ քաղաքին մէջ կը տիրէ եղբայրական մթնոլորտ։

Արարողութեան մասնակցեցաւ տեղւոյն գաւառապետը, Էրկիւն Այըքի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ մերազն ժողովուրդէն ու տեղացի ժողովուրդի բազմութիւն մը։

Ս. Պատարագի աւարտին ի նշան Տէր Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան, կատարուեցաւ ջրօրհնէք։

Ապա այցելութիւն տրուեցաւ տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ։

Քահանայ հայրեր նոյն գիշեր վերադարձան Ստանպուլ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2023
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ