Լոյս տեսաւ «Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի ամրոցներ» գիրքը

«Պատմական մշակութային արգելոց թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի յուշարձաններու պահպանութեան բաժինի գլխաւոր մասնագէտ Լեւոն Մկրտչեանի, Գագիկ Սարգսեանի (Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ), Արտակ Գնունիի (Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս, հնագիտական գիտաշխատանոցի աշխատակից) Հայկ Աւետիսեանի (փրոֆեսէօր, գիտական խմբագիր) հեղինակած գիրքը նուիրուած է Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի ամրոցներուն, պրոնզ-երկաթի դարաշրջանէն մինչեւ ուշ միջնադարու կառոյցներուն: Աշխատանքին մէջ ներառուած է 36 ամրոցի մասին ամփոփ անդրադարձ, որուն մէջ ժամանակակից արհեստագիտութեան միջոցով ներկայացուած են` իւրաքանչիւր ամրոցի տեղակայման քարտէսը, օրթոֆօտոպլանը, հանոյթը եւ յատակագիծը: Այս մասին տեղեկացուցին  «Պատմական մշակութային արգելոց թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան» ծառայութենէն:

Հնագէտ Լեւոն Մկրտչեան նշեց, որ մինչեւ 2020 թուականի սեպտեմբերը արշաւախումբը ղեկավարութեամբ Գ. Սարգսեանի, կ՛ուսումնասիրէր Արցախի Հանրապետութեան ամրոցները եւ կը կոչուէր «Արցախի ազատագրուած տարածքներու նորայայտ ամրոցներու ուսումնասիրութեան ծրագիր», որ կ՛իրականացուէր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի տրամադրած դրամաշնորհով: 2020 թուականի սեպտեմբեր 27-ին պատերազմին պատճառով ընդհատուեցան ուսումնասիրութիւնները: Սակայն ուսումնասիրողները հասցուցած էին բաւարար քանակութեամբ ամրոցներ ուսումնասիրել Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի մէջ մասամբ ալ` Հադրութի շրջանի հարաւը, ուստի վերը նշուած համահեղինակներուն հետ որոշուեցաւ պրակներով հրատարակել ստացուած արդիւնքները:

Գիրքին մէջ ներկայացուած է հայաստանեան ամրոցաշինութիւնը լաւագոյնս ներկայացնող գօտիներէն մէկը` մեկնելով անկէ, որ Սիւնիքն ու Արցախը գրեթէ միշտ պահած են իրենց տեղական իշխանութիւնը, նոյնիսկ եթէ բովանդակ Հայաստանը կրնար անկախութիւնը կորսնցուցած ըլլալ, իսկ Քաշաթաղն ալ պատմական Սիւնիքի մէկ մասն է:

Ըստ հեղինակին, աշխատութիւնը նոր շունչ պիտի հաղորդէ Հայաստանի ռազմական եւ մակերեւոյթի հնագիտութեամբ, Սիւնիքի եւ Արցախի պատմութեամբ զբաղողներուն համար, օգտակար կրնայ ըլլալ նաեւ ճարտարապետներուն. ժամանակակից արհեստագիտութեան կիրարկումը պիտի դիւրացնէ ամրոցներու վերակազմութեան հարցը:

Լեւոն Մկրտչեան դիտել տուաւ, որ 2021 թուականին, յետպատերազմեան շրջանին, ունէինք չճշդուած եւ խախուտ սահմաններ: Գիտութեան կոմիտէին կողմէ շահելով դրամաշնորհը` ներառուեցան նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի ամրոցները: Տարուան արդիւնքները ամփոփելով, պէտք է նշել, որ կարելի եղաւ շուրջ երեք տասնեակ ամրոցներ ուսումնասիրել: Այս կարեւոր ձեռքբերում է եւ ասոր մէջ իր աւանդը ունի «Պատմական մշակութային արգելոց թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ը, ինչպէս նաեւ` ՊՄՊ Սիւնիքի մարզային ծառայութիւնը:

Հաղորդենք, որ գիրքը տպագրուած է «Նռանէ» հրատարակչութեան կողմէ եւ կարելի է ձեռք բերել Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի «Թէքէեան» մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ:

Horizonweekly.ca

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2023
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ