Լաչինի Ճանապարհին Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւնները Հայաստանի Անկեղծութեան Փորձութիւն են. Չաւուշօղլու

Լաչինի ճանապարհի վերջին զարգացումները Հայաստանի անկեղծութեան փորձութիւնն են։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն։

«Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի»,- ըսած է թուրք ԱԳ նախարարը։

Միաժամանակ ան նշած է, որ «ազրպէյճանական հողերու հարստութիւնը իւրացնելու փորձը անընդունելի է»։

«Թուրքիան այս հարցով, ինչպէս ցանկացած այլ հարցով, կ՝աջակցի Ազրպէյճանին»,- ըսած է Չաւուշօղլուն։

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը «եղբայրական ազրպէյճանի հետ կը գտնուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ, որ կրնայ ըլլալ միայն երկու երկիրներու միջեւ»։

Աղբյուրը՝
http://yerakouyn.com/2022/12/29/%D5%AC%D5%A1%D5%B9%D5%AB%D5%B6%D5%AB-%D5%B3%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%BA%D5%A1%D6%80%D5%B0%D5%AB%D5%B6-%D5%BF%D5%A5%D5%B2%D5%AB-%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A5%D6%81%D5%B8%D5%B2-

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2022
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ