Իսրայէլ-Թուրքիա Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Ամբողջովին Վերականգնուեցան

Անգարայի մէջ Իսրայէլի նոր դեսպան Իրիթ Լիլիան 27 դեկտեմբերին իր հաւատարմագիրները յանձնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմը:

Արարողութիւնը կատարուած է դռնփակ:

Լիլիան, որ նախապէս Անգարայի մէջ վարած է Իսրայէլի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարի պաշտօնը, չորս տարուան ընդմիջումէ ետք դարձաւ Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի առաջին դեսպանը: Անոր նշանակումը հոկտեմբերին հաստատուած էր Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ:

Միաժամանակ Թել Աւիւի մէջ նշանակուած է Թուրքիոյ դեսպան: Դիւանագիտական առաքելութիւնը կը ղեկավարէ Շաքիր Էօզքան Թորունլար, որ 2010-2013 թուականներուն ծառայած է իբրեւ Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոս:

Դեսպաններու նշանակումով եւ հաւատարմագրումով Անգարան եւ Թել Աւիւը լիովին վերականգնած են դիւանագիտական յարաբերութիւնները:

2018-ին Թուրքիան «Մաւի մարմարա» նաւուն վրայ յարձակումին պատճառով Իսրայէլէն ետ կանչած էր իր դեսպանը: Միաժամանակ Իսրայէլի դեսպանը լքած էր Անգարան:

Այս տարուան օգոստոսին Էրտողան եւ օրին Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ ունեցած էին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն, որուն հիմամբ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր դիւանագիտական յարաբերութիւնները ամբողջութեամբ վերականգնելու եւ երկու պետութիւններու դեսպանները մայրաքաղաքներ վերադարձնելու շուրջ:

Աղբյուրը՝
https://www.aztagdaily.com/archives/568581

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2022
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ