Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
ՀՅԴ Թեսաղոնիկէի Երիտասարդականի անդամներ կը խօսին Ցեղասպանութեան մասին

9 դեկտեմբերը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ հաստատուած է որպէս «Ցեղասպանութիւններու յիշողութեան եւ կանխարգիլման օր»:
Նոյն օրը Յունաստանի մէջ զանազան ձեռնարկներով նշուեցաւ արեւելքի ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններու պատմական իրողութիւնը, որոնց կարգին էր նաեւ Թեսաղոնիկէի ««Ռատիօ Թեսաղոնիկէ» ձայնասփիւռի կայանի հաղորդումը, ուր ելոյթ ունեցան շրջանի ՀՅԴ երիտասարդական միութեան «Ս. Թեհլիրեան» խումբի անդամներ Արմինէ Մոսինեանը եւ Աննա-Մարիա Ալեքսանեանը: Անոնք շեշտեցին օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրի անպատժելիութեան իրականութիւնը, որ նոյն ցեղասպանին կողմէ նոր ոճիրներ գործելու ճամբայ բացած է Արցախի եւ այլ ժողովուրդներու դէմ: Անոնք անդրադարձան Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ազրպէյճանական 44-օրեայ պատերազմին ու հետեւանքներուն, որոնք պատճառ դարձան Արցախի տարածքներու գրաւման, հայ ժողովուրդի տեղահանման եւ Հայաստանի դէմ ոտնձգութիւններու ծաւալման: Զեկուցաբերները նաեւ նշեցին միջազգային ընտանիքին ցուցաբերած անտարբերութիւնը թրքական ոճիրներուն ու Արցախի ժողովուրդի կրած տառապանքներուն հանդէպ:
1912-1924 Ցեղասպանութիւններուն նուիրուած միջազգային գիտաժողով

1-4 դեկտեմբերին Քալամաթայի մէջ տեղի ունեցաւ «Մեծ աղէտի ժամանակաշրջանը եւ համագոյակցութեան աւարտը. վտարումներ, տեղահանումներ եւ ցեղասպանութիւններ` 1912-1924» խորագիրը կրող միջազգային գիտաժողով, որ կազմակերպուած էր Յունաստանի կրթական ու կրօնից նախարարութեան եւ Քալամաթայի մետրոպոլիտին կողմէ, գործակցութեամբ Քալիֆորնիոյ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանի «Տը փրոմիս» հայկական հետազօտական կաճառին եւ Թեսաղոնիկէի Արիստոտելեան համալսարանի պոնտական ուսմանց բաժանմունքին:
Գիտաժողովին հրաւիրուած էին եւ իրենց զեկուցումներով հանդէս եկան 34 հայ, յոյն, թուրք եւ այլ օտար համալսարանական դասախօսներ ու քաղաքական գիտութեանց մասնագէտներ, որոնց կարգին էին` Արմէն Մարսուպեան, Նազան Մագսուտեան, Մանուկ Աւետիքեան, Էրվէ Ժորժելեն, Թաներ Աքչամ, Սայիթ Չեթինօղլու եւ Մերիհ Էրօլ:
Գիտաժողովի ընթացքին զեկուցաբերները լուսարձակի տակ առին արեւելեան ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնները եւ թրքական բարբարոսութիւնները, Պալքանեան եւ Ա. Համաշխարհային պատերազմներու եւ Զմիւռնիոյ աղէտի հետեւանքները:
Գիտաժողովի պաշտօնական բացման արարողութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նախ շնորհաւորեց կազմակերպիչ կառոյցները, ապա շեշտը դրաւ ցեղասպանութիւններու ճանաչման ու կանխարգիլման կարեւորութեան վրայ: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց նման գիտաժողովի մը կազմակերպումը, որուն ընթացքին գիտական մօտեցումով կը քննուի մարդկութեան համար կարեւոր ժամանակահատուած մը, ուր տեղի ունեցան աշխարհաքաղաքական մեծ եղելութիւններ եւ յանգեցան քրիստոնեայ ժողովուրդներու բնաջնջման ու տեհահանման իրենց օրրաններէն:
Գիտաժողովի ընթացքին յունահայ համայնքի ներկայացուցիչները առիթը ունեցան ծանօթանալու հայ ակադեմական մասնակիցներուն եւ զրուցելու անոնց գիտական աշխատանքներուն ու հետազօտութիւններուն մասին:
Leave a Reply