Վիճելի է «Լաչինի միջանցք»-ին հանդէպ Ազրպէյճանի կողմէ վերահսկողութեան առկայութեան հարցը․ Եւրոպական դատարան

Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչի գրասենեակէն կը մանրամասնեն՝ Եւրոպական դատարանի Հայաստանի ներկայացուցած պահանջը բաւարարելու եւ ազրպէյճանի հանդէպ միջանկեալ միջոցներ կիրառելու որոշումը։

«Սոյն թուականի Դեկտեմբեր 21-ին Եւրոպական դատարանը ուսումնասիրած է ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցած՝ ազրպէյճանի հանդէպ միջանկեալ միջոցներ կիրառելու պահանջը: Նշելով, որ այս պահուն վիճելի է «Լաչինի միջանցք»-ին հանդէպ ազրպէյճանի կողմէ վերահսկողութեան առկայութեան հարցը, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտով ազրպէյճանի կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս, «երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքով երկկողմ ուղղութեամբ տեղաշարժուող անձերու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անվտանգութիւնը», եւ յիշեցնելով Եւրոպական պայմանագրով ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ Եւրոպական դատարանը որոշած է Դատարանի կանոնակարգի 39-րդ կանոնին հիման վրայ պարտաւորեցնել ազրպէյճանին ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցները՝ ապահովելու «Լաչինի միջանցք»-ով Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդներուն տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ ճանապարհին անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող անձերուն անվտանգ տեղաշարժը:

Միաժամանակ, Եւրոպական դատարանը որոշած է առաջնահերթութիւն տալ Հայաստանի ներկայացուցած թիւ 4 գանգատին՝ Դատարանի կանոնակարգի 41-րդ կանոնին համաձայն:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանը ս.թ. Դեկտեմբեր 15-ին, 16-ին, 20-ին եւ 21-ին միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջ եւ լրացուցիչ տեղեկատւութիւն ներկայացուցած էր Եւրոպական դատարան՝ խնդրելով միջանկեալ միջոց կիրառելու ազրպէյճանի հանդէպ «Լաչինի միջանցք»-ով անցնող ճանապարհի արգելափակման հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան իրաւունքներու խախտումները վերացնելու համար»,- կը յայտնեն գրասենեակէն:

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2022
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ