Հայաստանին դուրսէն ոչ մէկը պիտի օգնէ, մէկ վայրկեան առաջ պէտք է Ազրպէյճանի հետ համաձայնագիրը ստորագրէ. Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն անդրադարձած է ՀԱՅԱՍՏԱՆի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմային։

Թրքական Anadolu–ի փոխանցմամբ՝ Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտնած է, թէ ՀԱՅ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ Թուրքիան ըրած է վստահութիւն բարձրացնող քայլեր՝ փոխադարձ բանալով օդային հաղորդակցութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ յառաջիկային օդային բեռնափոխադրումները։

«Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը քանի որ անկեղծ են, նոյնպիսի անկեղծութիւն կ՝ակնկալեն ՀԱՅԱՍՏԱՆէն։ Իբրեւ Հարաւային Կովկասի երկիրներ, մենք պէտք է մեր խաղաղութեան եւ կայունութեան համար քայլեր ընենք»,– ըսած է չաւուշօղլուն։

Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը՝ ակնարկելով ՀԱՅԱՍՏԱՆը, ըսած է, թէ այստեղ ոչ մէկը դուրսէն, Արեւմուտքէն, Արեւելքէն որեւէ բան պիտի ստանայ՝ կոչ ընելով ՀԱՅԱՍՏԱՆին վայրկեան առաջ Ազրպէյճանի հետ ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը։

Անդրադառնալով «Լաչինի միջանցք»-ի թեմային, Չաւուշօղլուն խօսած է խաղաղապահներու դերին մասին՝ շեշտած է, թէ ռուսերուն վերապահուած է խաղաղապահ միջնորդութիւնը եւ անոնք պէտք է հետամուտ ըլլան, որ ազրպէյճանցի մասնագէտներու ստուգումները հանքաարդիւնաբերութեան կեդրոններուն մէջ ոեւէ մէկը չարգիլէ։ «Այստեղ գլխաւոր պարտականութիւնը ռուսերուն է։ Քանի որ իրենք են ուղիղ ձեւով պատասխանատու Լաչինի միջանցքի գործունէութեան համար»,- ըսած է Չաւուշօղլուն։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2022
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ