«Թուրքիոյ համար իր ուզածը Հայաստանէն առնելու համար լաւ ժամանակ է» կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ «Ապագայ» կուսակցութեան ղեկավար, նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նիւթին:

Թրքական «Ենի Չաղ»-ի համաձայն, Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ապագայ» կուսակցութեան նախագահ Ահմետ Տաւութօղլու, անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման, ըսած է, թէ հիմա Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար ճիշդ ժամանակն է:

«Ազրպէյճանը Թուրքիոյ աջակցութեամբ կրցաւ իր հողերուն զգալի մասը ետ վերցնել Հայաստանէն: Հայաստանը քաղաքական եւ տնտեսական խնդիրներ ունի: Թուրքիոյ համար Հայաստանէն իր ուզածը առնելու համար լաւ ժամանակ է», ըսած է Տաւութօղլու:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2022
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ