
Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը կանգնած է Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի կողքին, որ 30 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ յայտնած է ինքնորոշման իր կամքը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին «Ցեղասպանութեան միջոցով «խաղաղութիւն» կամ «բարեկեցութիւն» գոյութիւն չունի» խորագիրով յայտարարութիւն հրապարակած է Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը:
«Լեմքինի հիմնարկը իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին, որ բարձրաձայնած է ինքնորոշման իր կամքի մասին: Ազրպէյճանը յաւակնութիւններ ունի Արցախի նկատմամբ` հակառակ անոր որ այդ տարածքին մէջ հազարամեակներ շարունակ բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր եղած են», գրուած է յայտարարութեան կից թուիթըրեան գրառման մէջ:
Հիմնարկը կը յիշեցնէ, որ ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային իրաւական համակարգի հիմնարար իրաւունքներէն մէկն է, եւ Արցախի ժողովուրդը արժանի է այն բանին, որ միջազգային հանրութիւնը լրջօրէն վերաբերի իր ինքնորոշման պահանջներուն:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ հակիրճ կը ներկայացուին Արցախի կարգավիճակի փոփոխութեան պատմութիւնը, արցախեան երկու պատերազմները եւ անոնց պատճառով ստեղծուած կացութիւնը:
Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը նաեւ կը շեշտէ, որ միջազգային ընտանիքը շրջանին մէջ պէտք չէ անտեսէ հետեւանքները Հայոց ցեղասպանութեան, որ «Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ամբողջովին ոչնչացուց հայկական ներկայութիւնը», ինչպէս նաեւ պէտք չէ անտեսուի «հայերու նկատմամբ ազրպէյճանցի ազգայնականներու անզուսպ ցեղասպանական թշնամանքը»:
«Արեւմտեան աշխարհը եւ յատկապէս ՕԹԱՆ-ը չեն հասկնար, որ Արցախը «զիջիլը» պիտի նշանակէ հայերու դէմ ցեղասպանութեան արտօնութիւն` հայերու բռնի տեղահանում եւ հալածանքներ, համատարած ոճրագործութիւններ, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում եւ վերջին տասնամեակներու ընթացքին կովկասեան շրջանին մէջ մեծագոյն մարդասիրական ճգնաժամերէն մէկը, ներառեալ գաղթականներու մեծ հոսք դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն: Եւ որ կարեւոր է, հաշուի առնելով Թուրքիոյ մէջ եւ Ազրպէյճանի մէջ ցեղասպանութեան ներկայ կարմիր դրօշները, ինչպէս նաեւ այն, ինչ որ մենք գիտենք ցեղասպանութեան հոլովոյթի մասին ընդհանրապէս, աներեւակայելի է, որ Արցախի «զիջումը» վերջ պիտի դնէ շրջանին մէջ տագնապներուն, առաւել եւս` պիտի յանգեցնէ «խաղաղութեան» եւ «բարեկեցութեան», գրուած է յայտարարութեան մէջ:
Լեմքինի հիմնարկը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ ստեղծելու անկախ միջազգային յանձնախումբ, որ պիտի ուսումնասիրէ Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները` արդար արդիւնք եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով:
Leave a Reply