Հայաստանի հիմնը, Աթաթուրքը եւ Թուրքիոյ դրօշը՝ մէկ վայրի մէջ

Covid-19 համաճարակին պատճառով 3 տարուան դադարէ ետք՝ վերջապէս վերսկսած է ճատրակի Եւրոպայի պատանեկան առաջնութիւնը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Այս անգամ հիւրընկալող կողմը Թուրքիոյ ճատրակի ֆետերասիոնն (TSF) էր։ Անթալիա քաղաքի «Antalya Pine Beach» հիւրանոցին մէջ կազմակերպուած մրցաշարին կը պայաքարէին մարզիկներ աշխարհի 46 երկրէ։

Մասնաւորապէս Թուրքիայէն կը մասնակցէր 196 պատանի շախմատիստ, իսկ Հայաստանէն՝ 31։

Հայաստանի ճատրակի կանանց հաւաքականի անդամ Մարիամ Մկրտչեանը նուաճած է ախոյեանի տիտղոսը: Նախավերջին խաղին ան, յաղթելով Իռլանտայի ներկայացուցիչը եւ վաստակելով 7.5 միաւոր, ժամանակէն շուտ նուաճած է ախոյեանի մետալը։

Հայ շախմատիստուհիի այդ հրաշալի յաղթանակին շնորհիւ՝ Թուրքիոյ մէջ հնչած է Հայաստանի հիմնը։ Ուշագրաւ ու տպաւորիչ է, որ Հայաստանի հիմնը հնչած է մրցանակաբաշխութեան այն դահլիճին մէջ, ուր կախուած էին Թուրքիոյ դրօշն ու Աթաթուրքի մեծադիր պատկերը։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2022
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ