
Թրքական «Gazetekarınca» լրատուամիջոցը «Պաքու-Երեւան բանակցութիւններ․ հնարաւո՞ր է խաղաղութեան պայմանագիր» վերնագրով յօդուածով ներկայացուցած է Միրզոյեան-Պայրամով ուաշինկթընեան հանդիպումը։ Ապա՝ Հայաստան-Ազրպէյճան գործընթացին մասին, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլանի եւ հայկական «Ակօս» պարբերականի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի մեկնաբանութիւնները։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
Փայլան նշած է Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ խնդիրները չմիջազգայնացնելու կարեւորութեան մասին՝ ներկայացնելով այն տեսակէտը, որ Թուրքիան պէտք է լուծէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ խնդիրը։
«Հակառակ պարագային, եթէ լուծման սեղանը ձեւաւորէ ԱՄՆ-ն, Ռուսիան խնդիր պիտի յառաջացնէ։ Ռուսիան արդէն իսկ այստեղ որեւէ լուծում չ՝ուզեր։ Չլուծուելուն հիման վրայ կը շարունակէ տարածաշրջանին մէջ իր գերիշխանութիւնը»,- նշած է Փայլանը՝ շեշտելով, որ խաղաղութիւն ապահովող երկիրը պէտք է ըլլայ Թուրքիան, սակայն Թուրքիոյ մէջ դեռ չկայ այդ կամքը։
Բագրատ Էսդուգեան, իր հերթին, նշած է, որ Թուրքիան ունի միջնորդ ըլլալու աշխարհաքաղաքական դիրք, սակայն արդէն 30 տարի է, որ կորսնցուցած է այդ հնարաւորութիւնը։ Խօսելով այն մասին, որ Թուրքիան հրաժարած է Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ՝ Էսդուգեան ընդգծած է․
«Եթէ Թուրքիան կապ հաստատէր Հայաստանի հետ այնքան, որքան ատիկա կը պահանջեն հարեւանային յարաբերութիւնները, այսինքն յարաբերութիւններ հաստատէր այնպէս, ինչպէս հաստատած է Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Իրաքի, Իրանի եւ անգամ վերջին շրջանին Սուրիոյ հետ՝ այսօր կրնար ստանձնել միջնորդական պարտականութիւնը։ Սակայն, այդ հնարաւորութիւնը Թուրքիան մերժած է սխալ քաղաքականութեամբ, ազգայնական զգացմունքներէ եւ թուրանական ձգտումներէ բխող դիրքորոշմամբ։ Թուրքիան բանակցութիւնները կ՝արգելափակէ նախապայմաններով։ Հիմա ներկայացուող/պարտադրուող նախապայմանը Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն է։ 30 տարի շարունակուող բախումներուն շրջանը յանձնառութիւններով չ՝աւարտիր»։
Yerakouyn.com
Leave a Reply