Միրզոյեան. «Հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթաց կայ»

«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթաց կայ, խօսակցութիւնը կը շարունակուի»,  «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստին` 2023 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումին` անդրադառնալով պատգամաւորներու հարցումներուն:

«Հանրայայտ է, որ գործընթացը առանց նախապայմաններու է եւ, միեւնոյն ժամանակ, թրքական կողմը անընդհատ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ է կը կապէ, ինչ որ որոշակի առումով ինքնին քիչ մը նախապայման կը յիշեցնէ: Այնուամենայնիւ, այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ շատ յստակ քննարկումներ կ՛ընթանան, նախ եւ առաջ` յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակով, բայց նաեւ այդ մակարդակէն դուրս` մասնագիտական որոշակի ներգրաւուածութեամբ», ըսաւ Միրզոյեան:

Արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ խօսակցութիւնը քանի մը որոշակի քայլերու մասին է, ներառեալ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցող անձերու համար սահմանի բացումը, ինչպէս նաեւ` երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանի բացումը:

«Կրնամ ըսել, որ յառաջընթաց կայ, խօսակցութիւնը կը շարունակուի: Եւ կրնամ ըսել նաեւ, որ կ՛ակնկալեմ ու յոյս ունիմ, որ դրական արդիւնքներ պիտի ըլլան մօտ ապագային», եզրափակեց Միրզոյեան:

Aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2022
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ