Թիֆլիսի պետական համալսարանի հայագիտութեան բաժինը100 տարեկան է

Իւանէ Ջաւախիշվիլիի անուան Թիլիսի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի հայագիտութեան բաժինը այսօր դարձաւ 100 տարեկան։ Այս մասին կը գրէ Aliq.ge-ն։

Հայագիտութեան ամպիոնը ԹՊՀ-ի մէջ հիմնուած է 1922 թուականին։ Մինչ այդ՝ համալսարանի հիմնադրման օրէն այս ԲՈՒՀ-ին մէջ դասաւանդուած են շարք մը հայագիտական առարկաներ։

100-ամեակին առիթով համալսարանին մէջ կազմակերպուած էր խորհրդաժողով եւ ցուցահանդէս։

Ցուցահանդեսին ներկայացուած էին հայերէն եւ վրացերէն գիրքեր, ձեռագրեր, ցուցանմուշներ։

Ամպիոնի ուսանողները հնարաւորութիւն ունին ծանօթանալու աշխարհահռչակ հայ, վրացի եւ արտասահմանեան հայագէտներու ուսումնասիրութիւններուն, նաեւ` ուսումնասիրելու հնագոյն ձեռագրեր, որոնք կը պահուին Գորնելի Գեգելիձէի անուան ձեռագրերու ուսումնարանի պահոցներուն մէջ։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2022
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ