
Թուրքիոյ Տրապիզոն քաղաքի թաղամասերէն մէկուն մէջ, ջրմուղի աշխատակիցները գտած են հայկական տապանաքար։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԿՕՍ»։
Գտնուած տապանաքարին վրայ պարզ հայերէնով գրուած է հանգուցեալներուն անուններն ու տարեթիւերը, սակայն թրքական մամուլը խուսափած է այս լուրին մէջ նշելէ, որ գտնուած է հայերուն պատկանող տապանաքար։
Գտնուած տապանաքարը, որ կը պատկանի հանգուցեալներ Թագուհի եւ Յովհաննէս Մախոխեաններուն, յանձնուած է Տրապիզոնի թանգարանին։
Yerakouyn.com
Leave a Reply